ԴԺՈՒԱՐԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար յառաջիկային կ՚ակնկալուին բանակցութիւններ:
Ըստ Տիգրան Աւինեանի, Սոթքի հանքավայրի տարածքէն ներս զինուորականները այժմ աւելի ճշգրիտ դիրքաւորուած են:
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանազատման համար յառաջիկային կ՚ակնկալուին բանակցութիւններ:
Ըստ Տիգրան Աւինեանի, Սոթքի հանքավայրի տարածքէն ներս զինուորականները այժմ աւելի ճշգրիտ դիրքաւորուած են:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան աւարտեց իր աշխատանքային այցելութիւնը դէպի Փարիզ։ Նախընթաց օր Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի կողմէ ընդունուելէ վերջ, ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին նախարարը տեսակցեցաւ Ֆրանսայի օրէնսդիրներուն հետ։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով երէկ Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի եւ Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Հասան Ռուհանի եւ Ճէյհուն Պայրամով անդրադարձան Ռեշտ-Աստարա երկաթուղիի արագ շինարարութեան կարեւորութեան։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին այցելել Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ Մօտաւոր անցեալի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած, 9 նոյեմբերին ստորագրուած հրադադարի համաձայնութենէն վերջ առաջին անգամ միջնորդները պիտի այցելեն հակամարտութեան տարածքաշրջան։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ Ատրպէյճանի կողմէ հայկական կողմին վերադարձուած է երեք հայ գերի։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնք օդային ճամբով վերադարձած են Երեւան եւ զիրենք փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարած է «Զուարթնոց» օդակայան։
«Առանց Նիկոլի Հայաստան» կարգախօսով երէկ քաղաքացիական անհնազանդութեան ցոյցեր տեղի ունեցան երկրի զանազան քաղաքներուն մէջ, իսկ այսօր ընդդիմութիւնը բողոքի նոր ցոյց մը կը կատարէ խորհրդարանի շէնքին առջե: Վազգէն Մանուկեան կոչ ուղղեց բոլորին՝ մասնակցիլ վերածնունդի:
Արմէն Սարգսեան եւ Սերժ Սարգսեան քննարկեցին կացութիւնը: Ըստ Էտմոն Մարուքեանի, Փաշինեան քաոսի մասնագէտ ու սիրահար է եւ այդ ճանապարհով չի հեռանար:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այսօր երկօրեայ պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու, ուր կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Ալիեւ հանդիպման օրակարգին վրայ կը գտնուի նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի ընթացիկ իրավիճակի քննարկումը։
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ՝ քննարկելով Լեռնային Ղարաբաղի հարցը:
Արա Այվազեան. «Ատրպէյճանէ ներս հայ ռազմագերիներու դէմ անմարդկային վերաբերմունքը կ՚արժանանայ հասարակական աջակցութեան»:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ նամակ մը ուղարկեց Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան խնդրեց, որ Վլատիմիր Փութին աջակցութիւն ցուցաբերէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանագծման համար։
Կը տեղեկանանք, որ Birzamanlar հրատարակչութենէն լոյս տեսած է Քեմալ Եալչընի նոր գիրքը, որ կը կոչուի՝ «Tek Kanatlı Kartal»։
Յայտնի հեղինակի այս գիրքին մէջ կը պատմուի իր «Seninle Güler Yüreğim» վէպի բեմադրութեան գործընթացը եւ ընթերցողը ճանապարհորդութեան մը կ՚առաջնորդուի Ամերիկայէն դէպի Հայաստան։