Լրահոս

ՓԱԿՈՒՂԻԻ

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքը կը շարունակէ մնալ փակուղիի մէջ։ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում» ընդդիմադիր խմբաւորումը մինչեւ այսօր կէսօրուան ժամերը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականին համար վերջնաժամկէտ սահմանած էր։

ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ. «ԹՈՒՐՔԻԱ ԱՉՔ ՉՈՒՆԻ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀՈՂԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ»

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա աչք չունի Հայաստանի հողերուն վրայ։ Զանազան տարածքաշրջաններու վերաբերեալ խնդիրներուն շուրջ խորհրդածելու ժամանակ՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլու անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի կացութեան։

ՀԱՐՑԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՇԱՐԱՆ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը Մոսկուայի երէկուան շփումներէն անմիջապէս վերջ արդէն ուղեւորուեցաւ Փարիզ:
Արա Այվազեանի եւ Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւնները յստակութիւն չբերին օրակարգի վրայ առկայ շարք մը հրատապ խնդիրներու:

ՍԻՒՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ ԿԱՐԵՒՈՐ ԱՀԱԶԱՆԳ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հրադադարի համաձայնութեան յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի ապագային վերաբերեալ անհանգստութիւնները օրակարգը կը զբաղեցնեն առաջնահերթօրէն։ Հրադադարի համաձայնութիւնով նախատեսուած է Նախիջեւանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաստատել միջանցք մը։

ՓՈՒԹԻՆ-ՄԵՐՔԵԼ ԶՐՈՅՑ

Քրեմլինի աղբիւրները հաղորդեցին, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել երէկ ունեցած են հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ստեղծուած իրավիճակը։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԸՆԴԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ՄԻՋԵՒ ԱՌԿԱՅ ԱՆԴՈՒՆԴԸ ԿԸ ԽՈՐԱՆԱՅ ՇԱՏ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ԸՆԹԱՑՔՈՎ

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ Հայաստանի քաղաքական տագնապը կը ծաւալի՝ հայաշխարհէ ներս համատարած անհանգստութեան պատճառ դառնալով։ Պատերազմի ձախողումը շատ ծանր կացութիւն մը ստեղծած է հայկական կողմին տեսակէտէ, ինչ որ անխուսափելի դարձուցած է ներքին քաղաքական նոր խմորումները։

«ՊԷՏՔ Է ՄՏԱԾԵՆՔ ՄԵՐ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ, ԵՐԿՐԻ ԵՒ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԱՊԱԳԱՅԻ ՄԱՍԻՆ»

Հայաստանի դիմագրաւած ծանր քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ հերթական կոչով։ Ստորեւ նոյնութեամբ, արեւմտահայերէնի վերածելով կը ներկայացնենք իր յայտարարութեան բնագիրը։

ԱՇԽԱՐՀԻ ՎՐԱՅ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ՈՐԱԿ ԿԸ ՍՏԱՆԱՅ

Թայլանտի մէջ կը ծրագրեն յառաջիկայ տարիներուն հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն։ Այսպէս, Թայլանտ կը ծրագրէ յառաջիկայ տարիներուն ամբողջութեամբ հրաժարիլ զանգուածային զբօսաշրջութենէն:

ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ

«Տաշիր կրուփ»ի սեփականատէր ռուսահայ գործարարն ալ պահանջեց վարչապետին հրաժարականը:
Հայաստանի քաղաքական տագնապի յաղթահարման համար Սամուէլ Կարապետեան եւս անհրաժեշտ կը նկատէ Նիկոլ Փաշինեանի հեռանալը: Երեւանի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ընդդիմադիր ուժերու հերթական հանրահաւաքը:

Էջեր