ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն վերադարձած է Երեւան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին վերադարձած է Հայաստան։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան արդէն վերադարձած է Երեւան։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Հանրապետութեան նախագահը շաբաթավերջին վերադարձած է Հայաստան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան վաղը հանդիպում մը պիտի ունենայ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Մոսկուայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքին մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ պիտի դարձուին՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի եռակողմանի համաձայնութեան, ինչպէս նաեւ 11 յունուար 2021 թուականին, Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն կողմէ կատարուած համատեղ յայտարարութեան գործադրութեան մանրամասնութիւնները։
Այս շաբաթավերջին Երեւանի մէջ պիտի բացուի ցուցահանդէս մը, որու ընթացքին պիտի ներկայացուին Շուշի գորգերու թանգարանի հետաքրքրական նմոյշները։ «Ալեքսանտր Թամանեան» ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-կաճառէն ներս, փետրուարի 20-ին պիտի բացուի այս ցուցահանդէսը։
Իսթանպուլի նախկին գլխաւոր քաղաքապետներէն Քատիր Թոփպաշ շաբաթավերջին մահացաւ յետերկարատեւ հիւանդութեան։ Իր յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան։ Նախկին քաղաքապետին կորուստը լայն արձագանգ ստեղծեց հանրային կարծիքին մօտ։

Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցին յայտարարեց, որ «Տաւիտ Կարեճի» վանական համալիրը վրացական ինքնութեան անբաժանելի մասն է։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Վրաց Ուղղափառ Եկեղեցւոյ սրբազան սինոդի վերջին օրերուն տեղի ունեցած ժողովներէն վերջ, շաբաթավերջին այս մասին յայտարարութիւն մը կատարուեցաւ։
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ը միշտ ահազանգ կը հնչեցնէ Սիւնիքի սահմաններու պարագային:
Ընդդիմադիր ուժերը նորովի թափ կու տան իրենց ջանքերուն՝ իշխանութեան հրաժարականը ապահովելու համար:
Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան զուգահեռ ստեղծուած՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխ-վարչապետներու եռակողմանի աշխատանքային խումբին երկրորդ ժողովը երէկ տեղի ունեցաւ հեռավար ձեւաչափով։
Կարսի մէջ կազմակերպուած «Ձմեռ 2021» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները հասան իրենց աւարտին:
Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարները ներկայ եղան համատեղ ռազմափորձերու եզրափակիչ փուլին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նորանշական պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի միջեւ նախատեսուած առաջին հեռախօսազրոյցը տեղի պիտի ունենայ մօտաւոր ապագային։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները զրոյցի ընթացքին քննարկեցին տարածքաշրջանային կայունութեան եւ անվտանգութեան վերաբերեալ հարցեր։