ՌԱԶՄԻԿ ԴԱՒՈՅԵԱՆԻ 80-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեան արդէն դարձած է 80 տարեկան։ Գրական շրջանակները եւ իր արուեստի համակիրները կ՚ողջունեն Ռազմիկ Դաւոյեանի յոբելեանը։
Գրող, հրապարակագիր եւ հասարակական գործիչ Ռազմիկ Դաւոյեան արդէն դարձած է 80 տարեկան։ Գրական շրջանակները եւ իր արուեստի համակիրները կ՚ողջունեն Ռազմիկ Դաւոյեանի յոբելեանը։
Հայաստանի սիմֆոնիք նուագախումբը Հայկ Մելիքեանի կատարմամբ առցանց կը հնչեցնէ Արամ Խաչատրեանի դաշնակի քոնչերթոն։ Այսպէս, Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը կը շարունակէ առցանց համերգներու շարքը։
Անգարայի եւ Տոհայի ղեկավարութիւնները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւններու շուրջ:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ մօտաւորապէս երեք ժամուան առանձնազրոյց մը ունեցաւ Քաթարի էմիր Թամիմ պին Համիտ էլ Սանիի հետ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրեր առաջ Հայաստանի մէջ հրապարակ հանուեցաւ գոյքահարկի յաւելումներու նոր նիւթ մը, որ մտահոգութիւն պատճառեց մասնաւորապէս Երեւան քաղաքի կեդրոնին մէջ բնակողներէն շատերուն, անոնց մանաւանդ, որոնք ունէին իրենց նախահայրերէն ժառանգ մնացած բնակարաններ եւ ըստ նոր օրէնքին՝ պարտաւորուած պիտի ըլլային որպէս գոյքահարկ մեծ գումարներ վճարել։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու մեծամասնութիւնը կը գտնուի հինգ քաղաքի մէջ։ Այդ հինգ քաղաքներն են՝ Իսթանպուլ, Անգարա, Կազիանթէպ, Քոնիա եւ Պուրսա։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու, Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Նուրի Էրսոյ եւ Առողջապահութեան նախարարութենէն իրաւասուներ երէկ այցելեցին Պերլին։ Չավուշօղլու այս առթիւ հիւրընկալուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաասի կողմէ։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յայտարարեց, որ պիտի մասնակցի յառաջիկայ աշնան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ նախատեսուած «G-7»ի գագաթաժողովին։ Միջոց մը առաջ զանգուածային լրատուութեան միջոցները հաղորդումներ կատարած էին, թէ Մերքէլ պիտի հրաժարի այդ գագաթաժողովին մասնակցելէ։

Եւրոմիութեան եւ Անգլիոյ միջեւ BREXIT-ի վերաբերեալ բանակցութիւններու վերջին փուլն ալ մնաց ապարդիւն։ ԵՄ-ի BREXIT-ի գծով աւագ բանագնաց Միշել Պառնիէ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն վերջ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։

Վերջին մի քանի օրերուն ընթացքին, իտալական մամուլը յաճախակիօրէն անդրադարձաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ իտալական «Ա. Էս. Ռոմա»ի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի մասին, յայտնելով, որ ան իր պայմանագրութիւնը պիտի խզէ իր ակումբին՝ «Արսենալ»ի հետ եւ ազատ գործակալի կարգավիճակով, վերջնականապէս պիտի միանայ իտալական կազմին, որուն հետ ան ինքզինք շատ աւելի ուրախ կը զգայ:
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան համաշխարհային WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնին յաղթանակ արձանագրած է՝ զբաղեցնելով առաջին հորիզոնականը։