Լրահոս

ՎԻԼՆԻՈՒՍԻ ՄԷՋ ՀԱՄԵՐԳ

Վիլնիուսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Կիւրճիեւ» համոյթի համերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին։ Սոյն համերգը նախաձեռնած եւ կազմակերպած էր Լիթվայի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ GK առողջարանի աջակցութեամբ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆԻՆ ԴԻՐՔԸ ՄՆԱՑ ԱՆՓՈՓՈԽ

Հա­յաս­տա­նի ֆութ­պո­լի ազ­գա­յին հա­ւա­քա­կա­նը նա­խըն­թաց օր հրա­պա­րա­կուած Ֆութ­պո­լի մի­ջազ­գա­յին դաշ­նակ­ցու­թեան (ՖԻ­ՖԱ) նոր դա­սա­ւոր­ման մէջ մնաց իր նոյն դիր­քին վրայ՝ 101-րդ:
Նա­խորդ դա­սա­ւո­րու­մէն ետք Ար­մէն Կիւլ­պու­դա­ղեան­ցի գլխա­ւո­րած խում­բը ո­րե­ւէ մրցում չկա­տա­րե­լով իր տրա­մադ­րու­թեան տակ ու­նե­ցաւ 1222 վար­կան­շա­յին կէտ:

ՆՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՀԲԸՄ-ի 90-րդ ընդհանուր ժողովի պաշտօնական բացումը ազդարարուեցաւ երէկ երեկոյեան Էյֆէլի աշտարակին մէջ կազմակերպուած ընդունելութեամբ։
Ծրագրին կը մասնակցի նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան։ Եռօրեայ աշխատանքի ծիրէն ներս նախատեսուած է համերգ մը՝ ի յիշատակ աշխարհահռչակ հանգուցեալ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի։
Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակոյթի կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը՝ Կեդրոնական վարչութեան անդամներուն եւ տեղական մարմիններու վարիչներու ներկայութեամբ։

ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱԺՈՂՈՎ

Երէկ, Մոտայի Մշակոյթի միութեան մէջ սկիզբ առաւ «Յիշէ. Գատըգիւղի մէջ մշակութային զանազանութիւն» խորագրեցալ ծրագիրը, որ յառաջ կը տարուի Գատըգիւղի Գիտութեան, մշակոյթի եւ գեղարուեստի բարեկամներու միութեան կողմէ։ Գատըգիւղի գաւառապետ Մուսթաֆա Էօզարսլան, փոխ-քաղաքապետ Պահար Եալչըն, Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեան ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի եւս մասնակցութիւն բերին այս հաւաքին։

ԱՆԳԱՐԱՅԷՆ ԲՈՒՌՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Անգարայի ղեկավարութիւնը երէկ անմիջապէս արձագանգեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի վերջին նախաձեռնութեան, որով 24 ապրիլը կը հռչակուի «Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման օր»։ NTV-ի հաղորդումներով, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի բանբերը՝ Իպրահիմ Քալըն այս առթիւ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով խստիւ պախարակեց Մաքրոնի յայտարարութիւնը։

ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԵՒ ՅԻՇԱՐԺԱՆ

Յունաստանի վարչապետ մը երէկ առաջին անգամ այցելեց Հէյպէլիի Այա Թրիատա վանքը, որ փակ կը մնայ երկար տասնամեակներէ ի վեր:
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Ծայրագոյն Պատրիարքը կղզիի վրայ հիւրընկալեց Ալեքսիս Ցիփրասը, որ գեղատեսիլ համալիրէն ներս կատարեց ծառատունկ մը:

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ ԱՅԼԵՒՍ ՎԻԶԱ ՊԻՏԻ ՉՊԱՀԱՆՋԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆԵՐԷՆ

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որու հիման վրայ այլեւս այդ երկիր մուտք գործելու համար վիզա ստանալու անհրաժեշտութիւն պիտի չունենան Թուրքիոյ Հանրապետութեան քաղաքացիները՝ ներառեալ բեռնատարներու վարորդները։ Փութինի կողմէ վիզաներու դադրեցման վերաբերեալ հրահանգը արդէն լոյս տեսած է ռուսական պաշտօնական պատկան համացանցի կայքէջին վրայ։

ԴՐԱԿԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔ

Արեւելեան Ուղղափառ եւ Կաթոլիկ եկեղեցիներու երկխօսութեան յանձնախումբի վերջին ժողովի լոյսին տակ:
Հռոմի Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Քահանայապետը հիւրընկալեց ժողովականները՝ գնահատելով անոնց առաքելութիւնը:

Էջեր