ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆԸ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի վարակի տարածման թափը նուազած է զգալի համեմատութեամբ։ Մէկ վարակեալէ մը ուրիշներու փոխանցման համեմատութիւնը 1.56 տոկոսէն իջած է 0.72 տոկոսի։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի վարակի տարածման թափը նուազած է զգալի համեմատութեամբ։ Մէկ վարակեալէ մը ուրիշներու փոխանցման համեմատութիւնը 1.56 տոկոսէն իջած է 0.72 տոկոսի։
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները երէկ հերթական անգամ դիմում կատարեցին դատական իշխանութիւններուն։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանը վերջին օրերուն մերժած էր Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ զինքը բանտէն դուրս բերելու դիմումը։
Համաճարակի պայմաններով Երեւան կը կարեւորէ Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ կապը։
Զօհրապ Մնացականեան եւ միջնորդները կարծիքներ փոխանակեցին տարածքաշրջանի վերջին իրադարձութիւններուն շուրջ։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի հաստատուած նոր դէպքերը կը նուազին աստիճանաբար։
Նախարար Ֆահրետտին Քոճա կ՚ընդգծէ հակակշռեալ ընկերային կեանքը ապրելակերպի վերածելու կարեւորութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ հեռավար զրոյցներ ու քննարկումներ ծաւալել՝ աշխարհի զանազան երկիրներէ հայազգի յայտնի գործիչներու ու գործարարներու, զանազան ոլորտներու մասնագէտներու հետ, որոնք պետական կառոյցներէ կամ մասնաւոր ընկերութիւններէ ներս ընդգրկուած են քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարին՝ ներառեալ պատուաստանիւթի մշակման աշխատանքները։ Այս ծիրէն ներս, երէկ, Արմէն Սարգսեան հերթական անգամ հեռավար զրոյց մը ունեցաւ ամերիկահայ գիտնական, գործարար ու բարերար Նուպար Աֆէեանի հետ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վաղը աշխատանքային այցելութիւն մը պիտի տայ Արցախ, ուր պիտի մասնակցի Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի երդման ու պաշտօնակալման արարողութեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արայիկ Յարութիւնեան պաշտօնը պիտի ստանձնէ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ ներկայիս կ՚ապրուի լուրջ լարուածութիւն։ Խորհրդարանէ ներս իշխանութեան եւ ընդդիմութեան յարաբերութիւնները սրուած են եւ ասոր զգայացունց դրսեւորումը եղաւ միջոց մը առաջ պատգամաւորներ՝ Սասուն Միքայէլեանի եւ Էտմոն Մարուքեանի միջեւ տեղի ունեցած կռիւը, որ միւս երեսփոխաններու մասնակցութեամբ մեծ ծեծկռտուքի մը վերածուեցաւ։ Քանի մը օր վերջ յաջորդեց խորհրդարանի երդիքին տակ ուրիշ դէպք մը, որու ընթացքին վիճեցան Էտմոն Մարուքեան եւ Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան։
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։ Մեծն Աթաթիւրքի Սամսուն ելքի 101-րդ տարեդարձը առիթ դարձած է, որ ամբողջ երկիրը համակուի տօնական տրամադրութեամբ, հակառակ համաճարակի մթնոլորտին։
Հայաստանի մէջ ներկայիս օրակարգի վրայ կը գտնուի Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանը ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ հոգելոյս Շարլ Ազնաւուրի անունով կոչելու առաջարկը։ Ինչպէս ծանօթ է, Շարլ Ազնաւուր Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային հերոսներէն էր։
Հայաստանի երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի փաստաբանները կը պատրաստուին վերաքննիչ բողոք ներկայացնել՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի դատավճռին դէմ։ Ինչպէս ծանօթ է, Ռոպերթ Քոչարեան երկար ժամանակէ ի վեր կը գտնուի բանտի մէջ։