ԱՊԱՀՈՎ ՀԵՌԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ…
Փարիզի շարժանկարի սրահներէն մին հանդիսատեսներու միջեւ ընկերային հեռաւորութիւնը կը պահպանէ մինիոններու օգնութեամբ։
Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներ աստիճանաբար կը ջնջեն կամ կը մեղմացնեն քորոնաժահրի համավարակի պատճառով սահմանուած սահմանափակումները:
Հայաստանի բանակը գիշերուան ժամերուն կասեցուց Ատրպէյճանի յատուկ ջոկատի ներթափանցման փորձը։ Հայկական ստորաբաժանումները խոցեցին հրասայլ մը եւ կրակային դիրքեր։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա քաղաքացիներուն խորհուրդ տուաւ, որպէսզի բազմութիւն միջավայրերու մէջ չգտնուին։ Ըստ նախարարին, բոլորը պէտք է իրենց գործերը այնպէս մը դասաւորեն, որ բազմութեան մէջ չմտնեն։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Moderna դեղագործական ընկերութիւնը հետզհետէ կը զարգացնէ քորոնաժահրի դէմ պատուաստանիւթ մը գտնելու ուղղեալ աշխատանքները։ Կը հաղորդուի, որ պատուաստանիւթի փորձարկումներու արդիւնքները միշտ կ՚ըլլան յուսադրիչ։
Վերջին օրերու բախումներէն վերջ, Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ երեկոյեան ժամերէն սկսեալ լարուածութիւնը նուազած է, յարաբերական անդորր կը տիրէ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թրքական գրականութիւնը երէկ ունեցաւ մեծ կորուստ մը։ Ոչ եւս է գրող Ատալէթ Աղաօղլու, որ 91 տարեկան հասակին Իսթանպուլի մէջ կնքեց իր մահկանացուն։
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը երէկ նոր հերթապահութիւն մը իրականացուցին Իտլիպի մէջ։ M-4 մայրուղիի վրայ տեղի ունեցաւ այս հերթապահութիւնը, որ 21-րդն էր իր նմաններու շարքին։
15 յուլիս 2016 թուականին պատահած պետական հարուածի փորձի 4-րդ տարելիցը այսօր կը նշուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ։ Այդ արիւնալի դէպքերէն եւ ժողովուրդի կողմէ ցուցադրուած մեծ դիմադրութենէն ի վեր՝ յուլիսի 15-ը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի որպէս «Ժողովրդավարութեան եւ ազգային միասնականութեան օր»։