ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿՈՂՄԻ ՓԱՓԱՔՈՎ
Ռուսաստանի նախագահի միջազգային մշակութային համագործակցութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Միխայիլ Շվիտքօ վերջերս այցելեց Երեւան, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեանի եւ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Ժաննա Անդրէասեանի կողմէ։
Ամերիկահայ յայտնի գործարար, գիտնական ու բարերար Նուպար Աֆէեան վերջերս այցելեց Երեւան, ուր կեցութեան օրերուն ընդունուեցաւ Հայաստանի ելմտական նախարար Վահէ Յովհաննիսեանի կողմէ։
Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը այս տարի կը նշէ իր հիմնադրութեան 70-ամեակը։ Կը հաղորդուի, որ Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած է յատուկ յոբելենական հանդիսութիւն մը՝ մասնակցութեամբ համալսարանի նախագահ վերապատուելի տքթ. Փոլ Հայտոսթեանի։
Աշխարհահռչակ երգչուհի, համաշխարհային սիւփէր աստղ Ճենիֆըր Լոփեզ այս ամառ համերգով մը հանդէս պիտի գայ Երեւանի մէջ։ Այսպէս, ան պիտի ձեռնարկէ համաշխարհային շրջագայութեան մը, որու ծրագրին ընդգրկուած է նաեւ Հայաստանը։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան վաղը առաւօտ պիտի գան Թուրքիա՝ մասնակցելու համար Անթալիայի Դիւանագիտական ֆորումին։ Պատուիրակութեան մաս պիտի կազմեն նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութենէն պաշտօնատարներ։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է սփիւռքահայ յայտնի պատմասաց Ալիծ Աղպապեան։
Երեւան եւ Ապու Տապի առաջնահերթութիւն կ՚ընծայեն ենթակառուցուածքներու եւ ուժանիւթի ոլորտներուն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ-Իսրայէլ քննարկումներուն մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ ծալքեր:
Փարիզ-Գահիրէ-Ամման առանցքին վրայ փոխըմբռնում՝ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ կացութեան շուրջ: