Լրահոս

ԹՇՆԱՄԻՆԵՐ ԵՒ ԴԱՇՆԱԿԻՑ-ՄՐՑԱԿԻՑՆԵՐ

Հայաստանը՝ քրիստոնեայ բնակչութեամբ ժողովրդավարութիւն, Ռուսաստան-Իրան մրցակցութեան կեդրոնին:
«The New York Times» կը մեկնաբանէ պայթիւնավտանգ Կովկասի իրավիճակը՝ մատնանշելով անսովոր երկընտրանքները:

ԱԼԻԵՒ ԿՐԿՆԵՑ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐԸ

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարեց, որ Հայաստան գործնականօրէն դուրս եկած է ՀԱՊԿ-էն եւ այդ կառոյցը կը լքէ, երբ թոյլտուութիւն ստանայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն։ «Պարզ է, թէ ուր կ՚երթայ Հայաստան», ըսաւ ան։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄ

«Շուշիի հռչակագրով Անգարա եւ Պաքու պարտաւոր են իրարու օգնելու՝ արտաքին սպառնալիքի կամ յարձակման պարագային»:
Հարցազրոյց ռուսական լրատուամիջոցի. Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ ռազմախարիսխի մը հաստատման կարիքը չի տեսներ:

ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐ

Դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի բանակի նախարար Սեպաստիան Լըքոռնիւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու յատուկ ներկայացուցիչն է, երէկ, Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական հարցերով խորհրդական Էնվէր Կարկաշի հետ։

Էջեր