Լրահոս

ԱՅՑԵՐԸ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ ԿԱՊ ՉՈՒՆԻՆ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Կը յիշէ՞ք, երբ 2022-ի սեպտեմբերին Հայաստան այցելած էր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան այն ժամանակուայ խօսնակ Նենսի Փելոզին, ի՜նչ ոգեւորութիւն տիրած էր հայկական «արեւմտամէտ» շրջանակներուն մէջ՝ վերջ, փրկուած ենք, Ալիեւ այլեւս երբեք չի համարձակիր դիմել ուժային գործողութիւններու:

ՄԱՆԿԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Չեմ գիտեր, արդեօք պէտք է զայրանա՞լ, թէ պէտք է պարզապէս շատ-շատ տխրիլ, բայց փաստը կը մնայ փաստ՝ մեր քաղաքական միտքը կը շարունակէ տհաս երեխայի մը մակարդակին մնալ եւ սա շատ տխուր է, որովհետեւ 2020 թուականէն ի վեր ստացած բազմաթիւ հարուածներէն ետք (նախորդ պատմական փորձը չհաշուած), այնուամենայնիւ, մենք կը շարունակենք պատրանքներով ապրիլ։

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԻ ՖԻԼԱՐՄՈՆԻԻ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՆՇԷ ԻՐ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 80-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Իսթանպուլի ֆիլարմոնիի միութիւնը արդէն թեւակոխած է իր հիմնադրութեան 80-ամեակը եւ յոբելենական շրջանին յարիր բացառիկ ձեռնարկներ կազմակերպել կը նախատեսէ։ Այս միութիւնը Թուրքիոյ երաժշտական կեանքի մղիչ ուժերէն կը համարուի, իսկ վերջին շրջանին անոր գեղարուեստական ղեկավարը դարձած է թրքահայ համայնքէն յայտնի մենակատար Արթիւր Պաղտասարեան։

Էջեր