ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԹԷ՛ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ԵՒ ԹԷ ՄԱՂԹԵՑ ԱՐԱԳ ԱՊԱՔԻՆՈՒՄ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Նիկոլ Փաշինեանի տեսակէտէ երէկ Երեւանէն հաղորդուած լուրերը բաւական հետաքրքրական էին։
Գուզկունճուքի եկեղեցւոյ մուտքի խաչի պոկման դէպքը եւ «Հրանդ Տինք» հիմնարկին ուղղուած սպառնալիքները Թուրքիոյ օրակարգին վրայ:
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Տ. Նուրհան Արք. Մանուկեանի տնօրինութեամբ փակուեցաւ Ամմանի «Եիւզպաշեան-Կիւլպէնկեան» ազգային վարժարանը։ Սա յորդանանահայութեան միակ հայկական կրթօճախն էր եւ դժբախտաբար կը դադրեցնէ իր առաքելութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ քորոնաժահրի համաճարակի հետեւանքով երկուքուկէս ամիսէ ի վեր կ՚աշխատէր Իսթանպուլի մէջ, այսօր կը վերադառնայ մայրաքաղաք Անգարա։ Առօրեայի բնականոնացման զուգահեռ ան աշխատանքի կը վերաձեռնարկէ կարեւոր ժողովներու նախագահելով։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի նոր վարակումները կ՚ընթանան կանխատեսուած մակարդակին վրայ։ Կը նուազի թիւը այն հիւանդներուն, որոնք արհեստական շնչառութեան կարիքը կը զգան։
Մարդկութեան տեսակէտէ իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մը շաբաթավերջին համայն աշխարհի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ առաջին անգամ անջրպետ ուղարկուեցաւ տիեզերանաւ մը, որու մէջ կը գտնուէր երկու տիեզերագնաց։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտով պայմանաւորուած սահմանափակումներու աստիճանական մեղմացման ճանապարհին Թուրքիոյ մէջ այսօր անկիւնադարձ մըն է։ Շաբաթավերջի փողոց դուրս գալու արգելքէն վերջ, այսօրուան դրութեամբ երկիրը կ՚ունենայ նոր մթնոլորտ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին փափաք յայտնեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ յաւելեալ տարածքներ տրամադրուին իր երկրին համար։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին հրահանգ տուած է՝ Սուրիայէ ներս ռուսական բանակին համար յաւելեալ կալուածներու եւ ջրային տարածքի ապահովման ուղղութեամբ։
Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան մինչեւ քորոնաժահրի համաճարակի աւարտը պիտի մնայ Երեւանի «Իզմիրլեան» բժշկական կեդրոնին մէջ։
Աշխարհատարած մասնաճիւղերը մատակարարումներով կը դիմագրաւեն սննդամթերքի տագնապը: