ԵՄԻԱ ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԴԷՄ ՎՃԻՌ ԱՐՁԱԿԵՑ ԳՈՒՐԳԷՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆԻ ԳՈՐԾՈՎ
Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանը (ԵՄԻԱ) վճիռ արձակեց, թէ Ատրպէյճան խախտած է կեանքի իրաւունքը։ Երէկ, Եւրոպական դատարանը հրապարակեց իր որոշումը հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեան դէպքին շուրջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկիրը պիտի շարունակէ փուշի վրայ ըլլալ, ամենափոքր զանցառութիւնը կրնայ վերստին թափ տալ համաճարակին։
Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարը խորհրդածութիւններ ըրաւ համահայկական օրակարգի շուրջ:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիայէն երկրորդ անգամ խումբ մը հայեր վերադարձան Հայաստան։ Այսպէս, Հայաստանի Հանրապետութեան 168 քաղաքացի երէկ վերադարձաւ իր հայրենիքը։
Քորոնաժահրի համավարակի պատճառով աշխարհի մէջ 60 միլիոն մարդ կրնայ յայտնուիլ ծայրայեղ աղքատութեան մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, այս մասին յայտնած է Համաշխարհային դրամատան նախագահ Տէյվիտ Մելփաս։
Ճաբոնի մէջ քորոնաժահրի համավարակի պատճառով արտածման ծաւալները մրցանիշային անկում արձանագրած են։ Այսպէս, Ճաբոնի Ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ընթացիկ տարուայ ապրիլին 2019 թուականի նոյն ժամանակահատուածին համեմատ արտածման ծաւալները կրճատուած են 21.9 տոկոսով:
Գերմանացիներու մեծամասնութիւնը հասարակական փոխադրամիջոցներով երթեւեկելը նախընտրելի չի համարեր։ Այսպէս, քորոնաժահրի պատճառով Գերմանիոյ մէջ շատեր չեն ուզեր օգտուիլ հասարակական փոխադրամիջոցներէն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի մասնակցութեամբ Իսթանպուլի մէջ երէկ հսկայական նոր հիւանդանոց մը բացուեցաւ։ Թուրքիոյ եւ Ճաբոնի համագործակցութեամբ կառուցուած այս հիւանդանոցը կը գտնուի Պաշաքշեհիրի մէջ։
Լեռնային Ղարաբաղի նորընտիր նախագահը պաշտօնի ձեռնարկեց հանդիսաւոր արարողութիւնով մը: