ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼԻ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԾԵՐ
Հայաստանի կառավարութիւնը բազմակողմանի աշխատանք յառաջ կը տանի երկրէն ներս վերանորոգելի ուժանիւթի արտադրութիւնը խրախուսելու նպատակով։ Այս ամբողջին մէջ վերջերս ստորագրուեցաւ պայմանագիր մը, որով կը նախատեսուին նախագծեր մշակել՝ Հայաստանի մէջ 400 մեկավաթ հզօրութեամբ արեւու ուժանիւթ ապահովելու ուղղութեամբ։