ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐՈՎ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ՄԻՇՏ ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՄԱԿԱՐԴԱԿԻ ՎՐԱՅ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան հերթական անգամ վիճակագրական տուեալներ հրապարակեց՝ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Այսպէս, երէկուան դրութեամբ Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 37 հազար 225 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 993 նոր վարակեալ։
Հայաստանի նախկին երեսփոխաններէն, Երկրապահ կամաւորներու միութեան նախկին բազմամեայ նախագահ զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակը ծանրացած է ծայրայեղօրէն։ Մանուէլ Գրիգորեան Հայաստանի իշխանափոխութենէն վերջ ձերբակալուած էր շատ աղմկարար ձեւով։
Երեք ամիս տեւած հրադադարէն վերջ քաղաքային մը մահացաւ, կան վիրաւորներ:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ երէկ յուղարկաւորուեցաւ Ճորճ Ֆլոյտ, որ վերջին օրերուն զոհ գացած էր ոստիկանի մը բռնութեան։ Ոստիկանին կողմէ իր վզի ու կոկորդի հատուածին ծունկով գործադրուած սաստիկ ճնշման հետեւանքով շնչասպառ մնացած եւ մահացած էր Ճորճ Ֆլոյտ եւ այս դէպքը ԱՄՆ-ի մէջ ծնունդ տուած է համատարած բողոքի ալիքի մը։
Թոքիոյի ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կայացման կամ չկայացման գծով վերջնական որոշում պիտի տրուի 2021 թուականի գարնան, այս գծով յայտնեց ճաբոնական «Kyodo» գործակալութիւնը: Ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ քորոնաժահրին ո՛ր հանգրուանը հասնելուն:
Եգիպտոսը միջազգային զբօսաշրջիկներու աշունէն առաջ չի սպասեր։ Այսպէս, Եգիպտոսի զբօսաշրջութեան ոլորտը չ՚ակնկալեր միջազգային զբօսաշրջիկներու այցելութիւն՝ աշունէն առաջ:
Քանոնահարուհի Մարիաննա Գէորգեան WORLD FOLK VISION մրցոյթ-փառատօնի ընթացքին բարձրացած է կիսաեզրափակիչ փուլ։ Այսպէս, քանոնահար Մարիաննա Գէորգեան իրաւունք շահած է բարձրանալ WORLD FOLK VISION հեղինակաւոր մրցոյթ-փառատօնի կիսաեզրափակիչ փուլ:
Բեմադրիչ Նորա Մարտիրոսեանի ժապաւէնը ընդգրկուած է Քաննի շարժանկարի փառատօնի մրցութային ծրագրին։ Այսպէս, հայկական, պելժիական եւ ֆրանսական համատեղ արտադրութեան «Երբ քամին հանդարտի» շարժանկարը, որու բեմադրիչն է Նորա Մարտիրոսեան, ընդգրկուած է Քաննի միջազգային 73-րդ փառատօնի The First Features մրցութային ծրագրին։
Ճիւզեփփէ Վերտիի «Պարահանդէս-դիմակահանդէս» օփերայի համերգային կատարումը ներկայացուեցաւ առցանց հարթակի վրայ։ Այսպէս, իտալացի աշխարհահռչակ յօրինող Ճիւզեփփէ Վերտիի «Պարահանդէս-դիմակահանդէս» օփերայի համերգային կատարումը ներկայացուեցաւ առցանց հարթակի վրայ: