ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՊԱՏՐԱՍՏ ՉԷ ԶԱՆԳՈՒԱԾԱՅԻՆ ՀԱՅՐԵՆԱԴԱՐՁՈՒԹԵԱՆ
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան երէկ մասնակցեցաւ երկրի Ազգային ժողովի կրթութեան, գիտութեան մշակոյթի, սփիւռքի, երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի հարցերով մշտական յանձնաժողովի նիստին։ News.am-ի հաղորդումներով, ժողովի ընթացքին ան ըսաւ. «Մենք կը մեկնինք արտասահման եւ կ՚այցելենք հայկական սփիւռքի զանազան համայնքներ, սակայն հայրենադարձութեան աջակցումը մեր առաջնահերթութիւնը չենք համարեր։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իտալիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լուիճի տի Մայոյի հետ։ Յանուն հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանի կառավարութեան, Զօհրապ Մնացականեան զօրակցութիւն յայտնեց իտալացի բարեկամ ժողովուրդին՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները արդիւնաւէտօրէն դիմագրաւելու եւ շուտափոյթ յաղթահարելու համար։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը կը սգայ իր բարերարուհիին մահը:
Հայաստանի մէջ քորոնաժահրով վարակուած երէց սերունդէ հիւանդ մը առողջացաւ, ինչ որ համաճարակի առկայ տխուր մթնոլորտին մէջ ուրախութեամբ ընկալուեցաւ հանրային կարծիքին կողմէ։ Այսպէս, բուժման բարեյաջող աւարտէն վերջ հիւանդանոցէն դուրս եկաւ 94-ամեայ Հրանոյշ մայրիկը։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ Թուրքիա քորոնաժահրի համաճարակին մէջ գագաթնակէտի շրջանին կը գտնուի, միեւնոյն ժամանակ, համաճարակի ծաւալման թափին մէջ անկումի միտում մը կը նկատուի, սակայն սա պէտք է ըլլայ մշտական։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երկրի քաղաքացիներուն յորդորեց սորվիլ քորոնաժահրի պայմաններուն ներքեւ ապրիլ բնականոն կեանքով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան Դիմագիրքի իր էջին վրայ նախընթաց օր հանդէս եկաւ ուղիղ եթերով, որու ընթացքին շեշտեց, թէ քորոնաժահրի համաճարակը կրնայ երկար շարունակուիլ։
Արցախի նորընտիր ղեկավարը պաշտօնը ստանձնելէ առաջ կ՚իրականացնէ խորհրդակցութիւններ:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի տագնապի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաարի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալումով պայմանաւորուած մարտահրաւէրները եւ անոնց դէմ ձեռնարկուած քայլերը։
Գերմանիա կը պատրաստուի ստանձնել Եւրոմիութեան շրջանային նախագահի պաշտօնը։ 1 յունիս 2020 թուականին ԵՄ-է ներս պիտի սկսի գերմանական նախագահութիւնը։