ԱՆՄԱՐ ԿՐԱԿԸ…
Ամբողջ աշխարհի մէջ հայութիւնը այսօր կը նշէ Մեծ Եղեռնի 105-րդ տարելիցը ու կը դիմէ սրբադասեալ նահատակներու բարեխօսութեան՝ խոկումով ու խնկարկութեամբ:
24 Ապրիլի պատգամը կը բիւրեղանայ դար մը վաղեմութեամբ հնչող զոհերու աղաղակով եւ անոնց անթառամ յիշատակին առջեւ մերօրեայ սերունդներու յարգանքի լռութեան, խաղաղութեան աղօթքի ընդմէջէն:
Հայաստանի պետական աւագանին եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը այս առաւօտ բարձրացան Ծիծեռնակաբերդ: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը թրքահայութեան խօսք ուղղեց Գումգաբուէն:
Նազիլլիի մէջ հանրային ճեմապարտէզի մը կառուցման ատեն հայկական գերեզմաններ ի յայտ եկան:
Սփիւռքահայ յայտնի գիտնական, գործարար եւ ազգային բարերար Ասօ Դաւիթեան նախընթաց օր անակնկալօրէն կնքեց իր մահկանացուն։ Ան ամերիկահայութեան ամենակարկառուն դէմքերէն մին էր եւ հայկական սփիւռքի ամենաազդեցիկ գործիչներէն մին։
«Հայաստանի համար ընդունելի չեն այն առաջարկները, որոնք փուլային կարգաւորում կ՚ենթադրեն»:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը երէկ յարաբերաբար դրական տուեալներու արձագանգ հանդիսացաւ Թուրքիոյ պարագային։
Աւելի քան քառասուն հայ երգիչ-երգչուհիներներ պիտի մասնակցին առցանց համերգի, որուն հասոյթը պիտի տրամադրուի քորոնաժահրի դէմ պայքարին։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները երէկ քննարկեցին Իտլիպի վերաբերեալ վերջին իրադարձութիւնները:
23 Ապրիլը դար մը անց Թուրքիոյ մէջ կը տօնախմբուի վերանորոգ պատգամով ու մեծ հրճուանքով:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ժայշանքարի հետ։