ԱՌՑԱՆՑ ՖՈՐՈՒՄ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան երէկ մասնակցեցաւ «ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 75-ամեակ. Բազմակողմանիութիւնը մասնատուած աշխարհի մէջ» խորագրեալ բարձր մակարդակի առցանց ֆորումին։ Տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով այս հաւաքը կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի Աւագներու խորհուրդի, կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարի 75-ամեակի հարցերով խորհրդականի գրասենեակի եւ Փոքր պետութիւններու ֆորումի շրջանային նախագահ՝ Սինկափուրի համատեղ նախաձեռնութեամբ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները կանգ առին տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու վրայ՝ առաջնահերթօրէն անդրադառնալով Լիպիոյ եւ Իտլիպի կացութեան։
«Հիւանդանոց փոխադրուելու կարիք ունեցող մարդոց խնդիրը ամէն օր քիչ մը աւելի կը փոքրանայ»։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը թափով կեանքի կը կոչէ հրատարակչական ծրագրեր։ Ներկայ տարուան տեւողութեան Արեւմտեան թեմը ընթերցողներու տրամադրութեան տակ դրած է կարեւոր գիրքեր։
Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, նախարարաց խորհուրդը երէկ ժողով մը գումարեց մայրաքաղաք Անգարայի մէջ:
Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ կայունացման ուղղութեամբ յոյսեր՝ Հայաստանէ ներս:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր պիտի մասնակցի Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 75-ամեակին ձօնուած յոբելենական զօրահանդէսին։
Հայաստանի նախկին երեսփոխաններէն, Երկրապահ կամաւորներու միութեան նախկին բազմամեայ նախագահ զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակը ծանրացած է ծայրայեղօրէն։ Մանուէլ Գրիգորեան Հայաստանի իշխանափոխութենէն վերջ ձերբակալուած էր շատ աղմկարար ձեւով։