ԹՈՒՐՔԻԱՅԷՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՆԱՄԱԿՆԵՐ՝ ՍԾՏՀԿ-Ի ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ՎԵՀԱԺՈՂՈՎԻ ԱՆԴԱՄ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒՆ
Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) խորհրդարանական վեհաժողովի շրջանակներէն ներս, քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիա զօրակցութիւն յայտնեց անդամ բոլոր երկիրներուն։
Մնացականեան-Մամետեարով տեսաքոնֆերանս՝ Լաւրովի խօսքերով պայմանաւորուած մթնոլորտով:
ՎԻԳԷՆ Լ. ԱԴԴԱՐԵԱՆ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայկական դիւանագիտական աշխարհի յայտնի անուններէն դեսպան Ռուբէն Շուկարեան երէկ իր մահկանացուն կնքեց՝ 58 տարեկան հասակին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ընկերային ցանցերու միջոցաւ Ռուբէն Շուկարեանի որդին՝ Նարեկ Շուկարեան անդրադարձաւ մահուան հանգամանքներուն։
Այսօր կէս գիշերին Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքներուն մէջ փողոց դուրս գալու արգելք պիտի սկսի չորս օրուան ժամկէտով։ Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի բերումով ձեռք առնուած նախազգուշական միջոցներու ծիրին մէջ է այս կարգադրութիւնը։
Հայաստան-Ռուսաստան համագործակցութեան օրակարգին վրայ վերջերս հրատապ ձեւով յայտնուած է նիւթ մը։ Այսպէս, Երեւան կ՚ակնկալէ, որ Մոսկուա զեղչէ իրեն տրամադրուած բնական կազի սակագինը։
Հայաստանի մէջ կառավարութիւնը կը շարունակէ յամառ պայքար մղել քորոնաժահրի համաճարակին դէմ եւ այդ ամբողջին մէջ կարեւոր նշանակութիւն ունի միջազգային համագործակցութիւնը։ Երէկ, Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Աւետ Ադոնց մամլոյ ասուլիս մը սարքեց կառավարութեան մէջ, Հայկական միասնական տեղեկատուական կեդրոնի երդիքին տակ։
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան գործադիր տնօրէն Մարկարիթա Գրիգորեան հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Հանրային հեռուստառատիօընկերութեան խորհուրդը արդէն վաւերացուցած է Մարկարիթա Գրիգորեանի հրաժարականը։
Շուրջ 40 տարուան գործունէութենէ վերջ «Զօրեան» կաճառը Հայաստանէ ներս խարիսխ մը հաստատեց: