ՈՒՂՂԱԿԻ ԽԵՂԱԹԻՒՐՈՒՄ
Երեւան պատասխանեց Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւններու մասին Պաքուի ժխտական արձագանգին:
«Ատրպէյճան կը փորձէ Արցախի մէջ մարդու իրաւանց դէմ իր արշաւին մասնակից դարձնել միջազգային հանրութիւնը»:
Երեւան պատասխանեց Լեռնային Ղարաբաղի ընտրութիւններու մասին Պաքուի ժխտական արձագանգին:
«Ատրպէյճան կը փորձէ Արցախի մէջ մարդու իրաւանց դէմ իր արշաւին մասնակից դարձնել միջազգային հանրութիւնը»:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի նորընտիր նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան անգամ մը եւս Արայիկ Յարութիւնեանը շնորհաւորեց նախագահական ընտրութիւններու մէջ արձանագրած յաջողութեան համար եւ մաղթեց ձեռքբերումներ՝ պատասխանատու պաշտօնին մէջ։
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական բաժանմունքին կողմէ նախաձեռնութիւն:
Հայերէնով առցանց դասաւանդող կրթական մշակներու համար մրցանակ մը հաստատուած:
Moody՚s անդրադարձաւ Հայաստանի կառավարութեան կողմէ առնուած քայլերուն՝ համաճարակի պայմաններով:
Երկրի տնտեսութիւնն ու դրամատուները կը դիմագրաւեն բացասական ազդեցութիւններ, մինչ իշխանութիւնները կը ջանան ապահովել իրենց մշակած ծրագրերու արդիւնաւէտ գործադրութիւնը: Վարկատուներուն կ՚առաջարկուին նոր ժամկէտներ:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ տեղեկացուց, որ Թուրքիոյ մէջ արտադրուած է հարիւր տոկոսով տեղական արհեստական շնչառութեան սարք։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, արտադրութիւնը կատարուած է Մեքենաքիմիական արդիւնաբերութեան հաստատութեան (MKEK) կողմէ։
Երէկ, Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս տեղի ունեցաւ քուէարկութիւն՝ երկրի Կեդրոնական դրամատան նոր նախագահի ընտրութեան համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, քուէարկութեան մասնակից երեսփոխաններու քուէներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ Հայաստանի Կեդրոնական դրամատան նախագահ ընտրուեցաւ Մարթին Գալստեան։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ հերթական յայտարարութեամբ՝ Հայաստանի կառավարութեան հետ ծագած բանավէճի մթնոլորտին մէջ:
Տարակուսելի է, որ Տ. Նաւասարդ Արք. Կճոյեանի դէմ մեղադրանքը կը յաջորդէ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին կողմէ վերջին օրերուն հրապարակուած յայտնի տեսակէտներուն:
2016-ի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ուսումնասիրութեան յանձնաժողովը լսեց Սերժ Սարգսեանը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահը երէկ Ազգային ժողովի մէջ պատասխանեց երեսփոխաններու հարցումներուն:
Հայաստանի նախագահը Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Արցախի նորընտիր ղեկավարը:
Սարգսեան եւ Յարութիւնեան անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի զարգացման ծրագրերուն:
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի զոհերու թիւը բարձրացաւ 1643-ի։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ ներկայացուց վիճակագրական վերջին տուեալները։