ՅԻՇԵԼՈՎ ՔԱՋ ՔԱՐՈԶԻՉԸ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Հասած ենք արդէն երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարք Սրբազան Հօր վախճանման առաջին տարեդարձին։ Տարի մը անցաւ այն թուականէն ասդին, երբ Ան միացաւ Սուրբ Եկեղեցւոյ երանաշնորհ սպասաւորներու փաղանգին։ Այդ պահուն երբ կը կոտտային մեր ցաւատանջ ու այրեցաւեր սրտերը, դէմ յանդիման մնացած էինք իրարու հակադիր զգացումներու հետ. կը ցաւէինք անոր համար որ մեր սիրելի հովուապետը առյաւէտ կը հեռանար մեզմէ. իսկ միւս կողմէ՝ կ՚ուրախանայինք, թէ իր հանգիստը գտած էր ի վերջոյ աւելի քան տասը տարուան երկարժամանակեայ անկողնոյ ծառայութեան շրջանէ մը վերջ։