ՈԼՈՐՏԻ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ
Հանգուցեալ Օննօ Թունչի յիշատակին կազմակերպուած երաժշտական օրերը այսօր կ՚ազրափակուին:
MİAM-ի նախաձեռնած երէկուան մասնագիտական աշխատանոցին ժամանակ քննարկումները վարեց Ահմէտ Ուլուղ:
Հանգուցեալ Օննօ Թունչի յիշատակին կազմակերպուած երաժշտական օրերը այսօր կ՚ազրափակուին:
MİAM-ի նախաձեռնած երէկուան մասնագիտական աշխատանոցին ժամանակ քննարկումները վարեց Ահմէտ Ուլուղ:
Նկարիչ Լեւոն Լաճիկեան ներկայիս գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է «Հայկական եկեղեցիներ» խորագրեալ գծանկարներու շարք մը։ Հետաքրքրական շարք մըն է այս մէկը, որու մաս կը կազմեն հայկական ամենայատկանշական սրբավայրերու գծանկարները, որոնք ամփոփուած են տուփի մը մէջ։
Իտալահայ 105-ամեայ Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչ դիմում ներկայացուց Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացի դառնալու համար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ան Իտալիոյ քաղաքացի է ու ծնած՝ 1915 թուականին։
Թրքահայ վարժարաններու շէնքերու երկրաշարժի դէմ տոկունութեան վիճակին շուրջ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ:
Մեր բարենպատակ հաստատութիւններու ֆիզիքական ամրութեան երաշխաւորման համար յանձնախումբ մը ստեղծուեցաւ:
Կը տեղեկանանք, որ Sosyal Tarih հրատարակչութիւնը բոլորովին վերջերս լոյս ընծայած է՝ դիւանագէտ ու պատմաբան Արսէն Աւագեանի կողմէ հեղինակուած գիրքը։ «Karanlıkta Kalmış Bir Eylemci: İttihatçı Komünist Salih Zeki (Kuşarkov)» կը կոչուի այս գիրքը, որ շահեկան ուսումնասիրութեան մը արդիւնքն է։
Օննօ Թունչի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկներու շարքին ծրագիրը ընթացքի մէջ:
Ամերիկահայ յայտնի արուեստագէտ Քլինթ Պաճաքեան երէկ զրուցեց 40 երաժիշտներու հետ:
Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի ղեկավարներուն միջեւ երէկ հեռախօսազրոյց մը տեղի ունեցաւ՝ հրատապ օրակարգի պայմաններուն ներքեւ:
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Վլատիմիր Փութին անդրադարձան Իտլիպի վերջին դէպքին, նաեւ Սուրիոյ տագնապին վերաբերեալ իրադարձութիւններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ունեցան աշխատանքային հանդիպում մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախագահական ապարանքի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ տեսակցութիւնը, որու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ երկրի ընթացիկ օրակարգին վերաբերեալ հարցերու եւ զարգացման ծրագրերու։
Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան մնացած է շատ քիչ ժամանակ։ Մէկ շաբաթէն աւելի քիչ ատեն մը կայ, որպէսզի ընտրուի երկրի նոր խորհրդարանը։
Իտալացի նկարիչը քորոնա ժահր պատկերած է դաշտին մէջ։ Այսպէս, Հիւսիսային Իտալիոյ մէջ քորոնա ժահրի ողբերգական պատկեր յայտնուած է դաշտին վրայ։