ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԲԱՐԵՓՈԽՈՒՄՆԵՐ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՈՍՏԻԿԱՆՈՒԹԵՆԷՆ ԵՒ ԱԱԾ-ԷՆ ՆԵՐՍ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցաւ երկրի նորանշանակ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն Եդուարդ Մարտիրոսեանի եւ նոյնպէս նորանշանակ Ոստիկանութեան պետ Արման Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեան կարեւորեց ԱԱԾ-է եւ Ոստիկանութենէ ներս զարգացման ուղղեալ բարեփոխումներու իրականացումը։
Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի զոհերու թիւը հասաւ 9-ի, իսկ աշխարհի վրայ անցաւ 10 հազարի սահմանը:
Արսէն Թորոսեանի կոչէն վերջ, Զարեհ Սինանեանի գրասենեակը կը կազմակերպէ ներածումները:
Քաննի 73-րդ շարժանկարի փառատօնը քորոնաժահրի պատճառով յետաձգուած է։ Այսպէս, Քաննի 73-րդ շարժանկարի փառատօնը, որ պէտք է տեղի ունենար մայիսի 12-23 թուականներուն միջեւ, նոր տիպի քորոնաժահրի պատճառով պիտի չկայանայ մայիսին, ինչպէս նախատեսուած էր։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Քորոնաժահրի դէմ պայքարը ամբողջ թափով յառաջ կը տարուի բովանդակ աշխարհէն ներս։ Համաճարակի արտասովոր պայմաններուն ներքեւ Թուրքիան ալ ամբողջական զօրակոչի մը մօտեցումով կը ջանայ յաղթահարել այս մեծ առողջապահական սպառնալիքը։ Հանրային կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ այս խնդիրը դարձած է թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ երէկ ստորագրուած հրամանագրերու հիման վրայ երկրէն ներս կատարուեցան երկու նոր կարեւոր նշանակումներ։ Այսպէս, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան (ԱԱԾ) տնօրէն նշանակուեցաւ Եդուարդ Մարտիրոսեան։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ նախընթաց օր երեկոյեան ժամերուն Անթիլիասի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ նուիրեալ սպասաւորներէն մին՝ Տ. Տիրայր Արք. Փանոսեան։
Քորոնաժահրէն պաշտպանուելու դիմակները վերածած են նորաձեւ աքսեսուարի։ Այսպէս, Նիւ Եորքի բնակիչները քորոնաժահրէ պաշտպանուելու համար նախատեսուած բժշկական դիմակները վերածած են նորաձեւ աքսեսուարի: