ՓՈՔՐ ԲԱՅՑ ՀԶՕՐ…
«Կառավարման վերաիմաստաւորումը բազմաբեւեռ աշխարհի մէջ». Արմէն Սարգսեան մասնակցութիւն բերաւ հեղինակաւոր «Տոհա ֆորում»ին:
«Ներկայիս մենք որոշ առումով ժամանակի խաչմերուկի մը վրայ ենք եւ այդ ժամանակի դարպասով մուտք կը գործենք դէպի նոր դարաշրջան», ըսաւ Հայաստանի նախագահը:
ԻՒՆԻՍԷՖ բոլորեց Հայաստանի մէջ ծաւալած գործունէութեան քառորդ դարը. յոբելենական ձեռնարկներ:
Ուքրայնոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու՝ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հրաւէրին ընդառաջ։ Զելենսքի բարձր արարողակարգով հիւրընկալուեցաւ Պաքուի մէջ, ուր բանակցութիւններ վարեց Ալիեւի հետ։
Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Երլիքայա երէկ երեկոյեան նահանգապետարանի մէջ հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանը։ Հարկ է նշել, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի 112-րդ հիմնադրութեան տարեդարձին առթիւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու այցելած էր խմբագրատունս եւ այդ այցելութեան միացած էր նաեւ կուսակալ Ալի Երլիքայա։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Ժընեւի մէջ մասնակցեցաւ Համաշխարհային գաղթականաց ֆորումին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես եւս մասնակցութիւն բերաւ այս հաւաքոյթին, որու ընթացքին Էրտողան հանդէս եկաւ ելոյթով մը։
Ս. Յակոբ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Իսթանպուլի քաղաքապետարան:
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Սարկաւագաց երգչախումբին անմոռանալի համերգաշարը Եւրոպայի մէջ:
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը փառաշուք ձեռնարկով մը նշեց իր հիմնադրութեան 40-ամեայ յոբելեանը։ Իսթանպուլի համագումարներու կեդրոնին մէջ, Հարպիյէ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Մարալ»ի ներկայացումը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ «40 տարի շարունակ հայ պարը եւ մենք» կարգախօսով կազմակերպուած այս հանդիսութիւնը վերածուեցաւ բառին բուն իմաստով տօնակատարութեան մը՝ երգերով ու պարերով։
Ամենապատիւ Տ. Սահակ Ընտրեալ-պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին հարցազրոյց մը տուաւ Հայաստանի «Շանթ» հեռուստակայանէն հաղորդավար Սագօ Արեանին: