«Ս-400» ՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ ԾՐԱԳՐՈՒԱԾ ՀՈՒՆԻՆ ՄԷՋ
Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հերթական յայտարարութիւնով հանդէս եկան «Ս-400» ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգերու Թուրքիա տեղափոխման գործընթացին կապակցութեամբ։ Այսպէս, նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ «Ս-400»ներու յանձնումը կը շարունակուի նախապէս ծրագրաւորուած ձեւով։