ՊԱՏԿԱՌԱԶԴՈՒ ԵՒ ՈԳԵՒՈՐ
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։ Շաբաթավերջի պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ ան իր վերջին պատգամները փոխանցեց մեր այս ամենահայահոծ թաղին մէջ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան Ֆէրիգիւղի մէջ մասնակցեցաւ ժողովրդական հանդիպումի մը։ Շաբաթավերջի պատրիարքական ընտրութեան ընդառաջ ան իր վերջին պատգամները փոխանցեց մեր այս ամենահայահոծ թաղին մէջ։

Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան ընդառաջ երէկ մեր ժողովուրդին ուղղեալ կոչով մը հանդէս եկաւ Հայաստանէն՝ Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան։ Ինչպէս ծանօթ է, ան թեկնածու էր պատրիարքի պաշտօնին համար, սակայն կանոնադրութեան մէջ նախատեսուած սահմանափակումներուն պատճառով դուրս մնաց ընտրութեան գործընթացէն։
Լոնտոնի մէջ կազմակերպուած ՆԱԹՕ-ի հաւաքի ծիրէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ Թուրքիա-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ գագաթ մը:
Անգարա եւ Ուաշինկթըն այս շրջանին ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն Սուրիոյ տագնապի կարգաւորման եւ քիւրտերու վերաբերեալ խնդիրներուն վրայ:
Նախարարները քննարկեցին յաջորդ տարի համատեղ աշխատանքը շարունակելու ուղղեալ ծրագիրը:
Մնացականեան եւ Մամետեարով տեսակցեցան ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն միջնորդութեամբ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան հաւաքի մը մասնակցեցաւ Պաքըրգիւղի մէջ։ Պատրիարքական ընտրութեան մնացած են համրուած օրեր եւ շաբաթավերջի քուէարկութեան ընդառաջ թեկնածուները իրենց եզրափակիչ պատգամները կը փոխանցեն համայնքին։ Այս ամբողջին մէջ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ երեկոյեան այցելեց Պաքըրգիւղ, ուր արժանացաւ ջերմ վերաբերմունքի եւ զօրակցութեան։
Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան, Էմմանիւէլ Մաքրոն, Պորիս Ճանսըն եւ Անկելա Մերքէլ երէկ Լոնտոնի մէջ քննարկեցին Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւնները:
Գաղթականներու վերադարձին համար պիտի ստեղծուին անհրաժեշտ պայմաններ: Ահաբեկչական բոլոր տարրերուն դէմ պայքարը պիտի շարունակուի յառաջիկային:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները այսօր կը տեսակցին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու մասնակցութեամբ:
Պրաթիսլաւայի մէջ կը շարունակուին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններ: Երեւան եւ Ստեփանակերտ սերտ կապի մէջ:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին զուգահեռ կատարուած դատական դիմումները միշտ կը զբաղեցնեն օրակարգը:
Իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի վիճարկումը թէեւ բաւարար չեղաւ կասեցման համար, սակայն դատավճռի հիմնաւորումները կը համարուին թէ՛ հետաքրքրական եւ թէ հակասական, ինչ որ առիթ կ՚ընձեռէ հարցը տեղափոխելու Վերաքննիչ ատեան: Իսթանպուլի կուսակալութիւնն ալ ներկայացուցած է իր խորհրդածութիւնը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան մասնակցեցաւ Ռըզա Աքփոլատի կազմակերպած երեկոյթին:
Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ Four Seasons պանդոկին մէջ ընթրիք:
Յորդանանի Արտաքին գործոց նախարար Այման էլ Սաֆատ երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։ Կը հաղորդուի, որ երկու նախարարները ունեցան առանձնազրոյց մը եւ բանակցութիւններ վարելէ վերջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։