ՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՇՈՒՆՉ
Աւելի քան տասնամեակ մը վերջ այլեւս թափուր չէ Պոլսոյ Աթոռը: Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը շաբաթավերջի արարողութիւններով պաշտօնապէս հասաւ իր աւարտին: Նորընտիր գահակալը կատարեց երդումը, ստացաւ ասան եւ գահ բարձրացաւ Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր մատոյց անդրանիկ Սուրբ Պատարագը: Թրքահայութիւնը կ՚ողջունէ իր տարեգրութեանց մէջ սպիտակ էջի մը բացուիլը: Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը առաքելութեան ձեռնարկեց՝ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ, համաքրիստոնէական ընտանիքի, Թուրքիոյ Հանրապետութեան զօրակցութեամբ ու մեր համայնքի ջերմ վերաբերմունքով: Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հայրապետական սրբատառ կոնդակով արքութիւն շնորհեց Նորին Ամենապատուութեան:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը պաշտօնապէս կը հասնի իր աւարտին:
«Որոնումներու մէջ սերունդ մը. Մերօրեայ Իսթանպուլի մէջ հայկական լիսէէ շրջանաւարտ երիտասարդներ»:
Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւորը աւարտեց երկօրեայ բարձրաստիճան շփումները մայրաքաղաքի մէջ:
Ասմալըմեսճիտի մէջ, Պէյօղլու, երէկ առաւօտ յանկարծ կքեցաւ ազգապատկան լքեալ շէնքի մը տանիքը:
Ծանօթ է մեր համայնքի ազնիւ անդամներուն, թէ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը 2020 թուականը հռչակած է՝ «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի»։ Այս կիրակի Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ հանդիսաւորապէս պիտի ընթերցուի իր համապատասխան հռչակագիրը։
Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան արդէն 75 տարեկան:
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու այս տարեմուտին մասնաւոր շնորհաւորական մը ուղարկեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքին։ Այսպէս, քաղաքապետ Իմամօղլու թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանին ուղարկեց երկտող մը, որու մէջ շնորհաւորեց Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը։
Երէկ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքը։ Հանդիպման ընթացքին երկու հոգեւոր առաջնորդները անդրադարձ կատարեցին Լիբանանէ եւ տարածքաշրջանէ ներս ներկայիս ստեղծուած ընդհանուր կացութեան, նաեւ Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն։