«ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ԴԱՍԱԿԱՆՆԵՐ»
Երեւանի մէջ այսօր կը սկսի «Ժամանակակից դասականներ» փառատօնը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ նոյեմբերի 9-ը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս փառատօնի օրերուն Հայաստանի մէջ կը հիւրընկալուին աշխարհի զանազան երկիրներէն մեծանուն երգահաններ, յօրինողներ եւ մենակատարներ, որոնք կը համախմբուին Երեւանի մէջ։
Քրիստոնէական միջդաւանական խորհրդակցական յանձնախումբի հերթական՝ 4-րդ նիստը Մոսկուայի մէջ:
Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան (ՖՄԿ) 36-րդ նստաշրջանի նախարարական համաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ Մոնաքոյի մէջ։ Ժողովի մասնակցեցաւ նաեւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան։
Մարտունիի մէջ, Մարտունի շրջանային վարչակազմի նախաձեռնութեամբ, կազմակերպուած է նուռի փառատօն: Այս փառատօնը երրորդ տարին ըլլալով կ՚իրականացուի՝ տարուէ-տարի ներգրաւելով նոր մասնակիցներ:
Տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան Հայաստանի «Շանթ» հեռուստակայանէն հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ պատասխանելով լրագրող Սագօ Արեանի հարցումներուն:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը երէկ ընդունեց հայանպաստ բանաձեւ մը, որով 1915 թուականի դէպքերը ճանչցուեցան որպէս ցեղասպանութիւն։ Թիւ 296 այս բանաձեւը Ներկայացուցիչներու տան մէջ դրուեցաւ քուէարկութեան եւ ընդունուեցաւ ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ։ Արդարեւ ամերիկացի խորհրդարանականները ձայներու 405-11 յարաբերակցութեամբ հաւանութիւն տուին նախագծին։
Երեւանի ղեկավարութիւնը այս օրերուն կը հիւրընկալէ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական եւ խաղաղութեան ամրապնդման հարցերով տեղակալ Ռոզմարի Տիքարլոյի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երէկ բարձրաստիճան հիւրը ընդունուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի կողմէ։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 96 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։ Մայրաքաղաք Անգարայի եւ բովանդակ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ տեղի կ՚ունենան փայլուն տօնակատարութիւններ։