ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՁԵՌՆԱՐԿ
«Տիգրան Մանսուրեան-80» համերգաշարով կ՚արժեւորուի մեծանուն արուեստագէտի յոբելենական շրջանը:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ հնչեցին վարպետի՝ շարժանկարի համար կատարած ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ:
«Տիգրան Մանսուրեան-80» համերգաշարով կ՚արժեւորուի մեծանուն արուեստագէտի յոբելենական շրջանը:
Երեւանի Օփերայի երդիքին տակ հնչեցին վարպետի՝ շարժանկարի համար կատարած ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ:
Հայաստանի Պատմութեան թանգարանը, որ կը գտնուի Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ, ներկայիս կը նշէ իր հիմնադրութեան 100-ամեակը։ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան շրջանին, խորհրդարանի որոշումով՝ 9 սեպտեմբեր 1919 թուականին հիմնադրուած էր այս թանգարանը, որու յոբելեանը կը համարուի յատկանշական հանգրուան մը։
Հոկտեմբերի 6-9-ին Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ Տեղեկատուական փորձագիտութիւններու 23-րդ համաշխարհային համաժողովը՝ «WCIT 2019»։ Այսպէս, «WCIT 2019»ի կազմակերպիչները երէկ հաղորդեցին, որ այս համաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ գործատէր, հաղորդավար, բնորդ եւ արտադրող Քիմ Քարտաշեան-Ուեսթ։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան կը մեկնաբանէ անգիր օրէնքներով նոր գահակալ մը ընտրելու անհրաժեշտութեան դժուարութիւնները:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ուշադրութեան առարկայ. Deutsche Welle-ի կողմէ հետաքրքրական թողարկում:
Երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ պատրիարքական ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի հերթական ժողովը։ Նիստէն վերջ Նախաձեռնարկ մարմնի բանբերը՝ իրաւաբան Սարօ Պենկլեան համայնքային մամուլին տեղեկութիւններ փոխանցեց ծաւալուած քննարկումներուն շուրջ։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պիտի դառնայ իսլամական դրամագլուխի ձգողական դաշտը։ Ան ընդգծեց, որ Իսթանպուլի ելմտական կեդրոնը կարճ ժամանակի ընթացքին իսլամական աշխարհի ելմտական գետնի վրայ տարածքաշրջանային կեդրոնը պիտի դառնայ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսս, որ կ՚այցելէ Թուրքիա, երէկ հիւրընկալուեցաւ Գանձի ու ելմտական նախարար Պերաթ Ալպայրաքի կողմէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին Ալպայրաք եւ Ռոսս վերահաստատեցին իրենց վճռակամութիւնը՝ Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ առեւտուրի ծաւալը 100 միլիառ տոլարի մակարդակին հասցնելու ուղղութեամբ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ իր վրացի պաշտօնակցին՝ Կիորկի Կախարիայի հետ։ Հարկ է նշել, որ վերջին օրերուն Վրաստանի մէջ ձեւաւորուած է նոր կառավարութիւն մը, որու գլուխը կը գտնուի Կիորկի Կախարիա։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան շաբաթավերջին այցելութիւն մը տուաւ Վան:
Նորին սրբազնութիւնը երէկ առաւօտ պատարագեց եւ քարոզեց Աղթամարի պատմական Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ:
Ե. դարուն կառուցուած սրբավայրը վերանորոգուեցաւ նախկին պոլսահայ բարերարներու աջակցութեամբ:
Տ. Սեպուհ Արք. Չուլճեան նախագահեց Սուրբ Կարմիր Կիրակի եկեղեցւոյ օծման եւ անդրանիկ Սուրբ Պատարագին: