ՀՍԿԱՅԱԿԱՆ ՆԱԽԱԳԻԾ
Մեծ կղզիի յունաց պատմական որբանոցի վերականգնման համար կը նախատեսուի շուրջ հինգ տարի եւ առնուզան 40 միլիոն եւրօ ներդրում:
Եւրոպական պատկան մարմինները տեղեկագիր մը հրապարակեցին՝ մասնագէտներու կողմէ տեղւոյն վրայ կատարուած քննարկումներու լոյսին տակ: Եւրոպայի ամենամեծ փայտաշէն կառոյցի փրկութեան առաջադրութեամբ մշակուած ծրագրի հիմնական նպատակն է տարածքը վերաշահիլ եւ շէնքերը դարձնել անվտանգ:
Հալէպի մէջ երէկ պատահեցաւ ցաւալի դէպք մը։ Սուրիահայ 17-ամեայ երիտասարդ մը զոհ գնաց կրակոցին։ «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Շանթ Քէօշկէրեան սպաննուած է Հալէպի Մարթինի փողոցին մէջ։ Դէպքի մանրամասնութիւնները տակաւին յստակ չեն վերջնականօրէն։
Նազար Հանչէր մեզի կը տեղեկացնէ.-
Հայկական արտադրութեան պահածոները աւելի քան տասն օրէ ի վեր վաճառքի համար ներկայացուած են Ամերիկայի Իլինոյի նահանգի Շիքակօ քաղաքի խոշոր ցանցային ընկերութիւններէն մէկուն՝ «FRESH FARMS»ի մէջ: Առաջին օրերու շրջանառութիւնը ցոյց տուած է, որ արտադրանքի նկատմամբ հետաքրքրութիւն կայ:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ համերգ մը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։ Այսպէս, կայանի «Գրիգոր Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ «Ychorus» համերգը, որու ընթացքին բեմ առաւ նաեւ «Prochne» խումբը։ Երեկոյթին նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, որու կողքին էր Կղզեաց հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Յովհաննէս Թումանեանի հէքեաթները» գերմաներէն գիրքին շնորհանդէսը: Հէքեաթներու թարգմանութիւնը կատարած են Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ, գերմանաբնակ հեղինակ, թարգմանիչ Ագապի Մկրտիչեան եւ Փրոֆ. Հելմութ Մալոնեք:
Մինչեւ 19 տարեկաններու Ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի մէջ, շաբաթավերջին հասաւ իր աւարտին։ Մարզական աշխարհէ ներս լայն արձագանգ ստեղծեց Հայաստանի հիւրընկալած այս մրցաշարքը։