ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՁԵՌՆԱՐԿՈՒԱԾ ՆՈՒԻՐԱՀԱՒԱՔԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման ու վերանորոգման հարցը միջոցէ մը ի վեր անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ համայն հայութեան օրակարգը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ ստեղծուած է Մայր Տաճարի վերանորոգութեան յանձնախումբ մը, որու ատենապետն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Հայաստանի Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Նախարար Յակոբ Արշակեանի եւ Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի կողմէ ստորագրուեցաւ այս փաստաթուղթը, որ կը նախատեսէ երկու կառոյցներով համատեղ ջանքերով կեանքի կոչել սփիւռքի վերաբերեալ «Ներուժ» ծրագիրը։
«Կալերի 77»ի տաղաւարին մէջ ներկայացուած են հայ արուեստագէտներու գործեր:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ ի մի հաւաքուեցան մեր համայնքէն խումբ մը հաշուապահ կամ հաշուեքննիչ մասնագէտներ եւ ելմտական խորհրդատուներ։ Այս հաւաքոյթին ընթացքին նկատի առնուեցաւ Պատրիարքարանի ելմտական ընդհանուր կացութիւնը։
Հանրապետութեան նախագահը Անգարայի մէջ երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Թուրքիոյ մեծ քաղաքներու քաղաքապետները:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալը այցելեց Հայաստան:
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր բազմակողմանի հանդիպումներ կ՚ունենայ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զարեհ Սինանեան կը ներկայացնէ Հայաստանի զարգացման ներկայ տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները։