ՀԻՄՆԱՐԱՐ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐ
Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները հիւրընկալուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ:
Նախարար Զօհրապ Մնացականեան կանգ առաւ ինքնիշխանութեան, համահայկականութեան եւ փոխգործակցութեան վրայ:
Դեսպաններու խորհրդաժողովի մասնակիցները հիւրընկալուեցան Հայաստանի Ազգային ժողովի երդիքին տակ:
Նախարար Զօհրապ Մնացականեան կանգ առաւ ինքնիշխանութեան, համահայկականութեան եւ փոխգործակցութեան վրայ:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 97-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչը մանրամասն մեկնաբանեց Թուրքիոյ մէջ պաշտամունքի ազատութեան նիւթը:
Ըստ Մորիս Լեւիի, թէեւ օրէնսդրական սահմանափակումներ գոյութիւն չունին, սակայն համայնքներու փոքրացումը կը դժուարացնէ կանգուն պահել սրբավայրերը:
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ յատկանշական հաւաքոյթ մը։ 2019 թուականի ամրան շրջանի գործունէութիւնները արդէն եզրափակուած են Կազդուրման կայանէն ներս։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Ամերիկայի հարցերով նորանշանակ պետական նախարար Քրիստոֆըր Փինչերի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները հաղորդեցին, որ հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է անգլիական կողմի նախաձեռնութեամբ։
Նախագահներ Էրտողան եւ Թրամփ երէկ երեկոյեան ժամերուն ունեցան կարեւոր հեռախօսազրոյց մը:
Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ պիտի համագործակցին՝ կանխելու համար նոր մարդկային աղէտներու ծագիլը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը կը պատրաստուի կազմակերպել գիտաժողով մը՝ Հայ Եկեղեցւոյ 20-րդ դարու նշանաւոր գործիչներուն նուիրուած։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու գլխաւորութեամբ, այս գիտաժողովը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբերի 8-ին, Լոս Անճելըսի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարի համալիրէն ներս։
Ուժանիւթի նախարար Ֆաթիհ Տէօնմէզ Պաղտատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Իրաքի Նաւթի նախարար Սամիր Էլ-Կապտանի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Իրաքի եւ Թուրքիոյ միջեւ օրակարգի վրայ է նոր նաւթամուղի մը կառուցման ծրագիրը։ Իրաքի քարիւղը Քերքիւքի վրայով Թուրքիոյ սահմանը հասցնող հին ուղղութեան վրայ կը նախատեսուի այս նոր խողովակաշարին կառուցումը։
Եւրոյանձնաժողովի բանբեր Մինա Անտրէեւա յայտնեց, որ Պրիւքսել Լոնտոնէն կը պահանջէ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին BREXIT-ի շուրջ առաջարկներու ներկայացումը։ Ըստ բանբերին, այն յանձնաժողովը, որ ԵՄ-ի անդամ պետութիւններու անունով կը վարէ բանակցութիւնները, BREXIT-ի յարմարագոյն թուականը կը նկատէ ամենաուշը՝ 31 հոկտեմբերը։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Անգլիոյ վարչապետ Պորիս Ճանսընի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Էրտողան եւ Ճանսըն կանգ առին Անգարա-Լոնտոն յարաբերութիւններուն վրայ։