ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԻՇՏ ՎՃՌԱԿԱՄ
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու յայտարարեց, որ Եփրատի արեւելքը ի գին ամէն ինչի պիտի մաքրագործուի ահաբեկիչներէ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ըսաւ. «Ինչպէս որ Աֆրինը մաքրուեցաւ, ինչպէս որ Ճերապլուսը մաքրուեցաւ ԻՇԻՊ-ականներէ («Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորում), այնպէս ալ Եփրատի արեւելքը պիտի մաքրագործենք ԵՓԿ-էն եւ ՓՔՔ-էն»։
Նիկոլ Փաշինեան մասնաւորապէս կը կարեւորէ ընդհանուր ելմտական շուկայի մը ստեղծուիլը:
Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման համար սփիւռքի մէջ արհեստավարժ նախաձեռնութիւններ:
Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեանի վերջին այցելութեան լոյսին տակ ի՛նչ ապագայ կը նախատեսուի Սեւրի Սամուէլ-Մուրատեան երբեմնի վարժարանի շէնքին համար:
Փարիզի իշխանութիւնները վերջերս հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն Պաքուի հետ զինուորական համագործակցութիւնը խորացնելու ուղղութեամբ։ Այսպէս, Փարիզ հետաքրքրուած է Պաքուի հետ ուժանիւթի աղբիւրներու եւ զինուորական արդիւնաբերութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեամբ, կը հաղորդէ ատրպէյճանական «Մինվալ» կայքը՝ վկայակոչելով Ֆրանսայի տնտեսութեան եւ ելմտական նախարար Պրիւնօ լը Մերի կատարած յայտարարութիւնը։
29 յուլիս-2 օգոստոս թուականներու միջեւ, Շուշիի մէջ տեղի ունեցաւ Ասմունքի համահայկական 8-րդ փառատօնը, որուն մասնակցեցան 9-18 տարեկան 130 պատանիներ Արցախէն, Հայաստանէն, Ջաւախքէն, Ռուսաստանէն, Իրանէն, Լիբանանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն:
Այս տարի լրացած է հայ երաժշտահան, Խորհրդային Հայաստանի ժողովրդական արտիստ, Խորհրդային Հայաստանի արուեստի վաստակաւոր գործիչ Տիգրան Մանսուրեանի 80-ամեակը:
Կլենտէյլի մէջ արդի արհեստագիտութեան զարկ տալու նպատակով կայանալիք «Արհեստագիտութեան շաբաթ» (14-21 սեպտեմբեր) ընդհանուր ծրագրի ծիրին մէջ, Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը նախաձեռնած է գիտաժողովի մը եւ ցուցահանդէսի մը կազմակերպման, որոնք տեղի պիտի ունենան սեպտեմբերի 15-17 թուականներու միջեւ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազ ներկայիս կ՚այցելէ Հայաստան։ Այս այցելութիւնը Մարալ Այվազի տեսակէտէ շատ յատկանշական է, որովհետեւ կը համընկնի իր առաջին սկաւառակի թողարկման շրջանին։
Թուրքիոյ եւ Ուքրայնոյ նախագահները երէկ բանակցութիւններ վարեցին եւ համատեղ մամլոյ ասուլիս մը սարքեցին Պեշթեփէի համալիրէն ներս: