ԱՔԱՐ ԳՈՀ Է ԱՄՆ-Ի ՀԵՏ ՏԱՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ ԸՆԹԱՑՔԷՆ

Սուրիոյ հիւսիսին անվտանգ գօտի մը ստեղծելու հարցին շուրջ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու զինուորական պատասխանատուներուն միջեւ տեղի ունեցած եռօրեայ բանակցութիւնները երէկ հասան իրենց աւարտին։ Այս կապակցութեամբ Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ փոփոխութեան ենթարկուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Եկեղեցական հայեցակարգային հարցերու գրասենեակի տնօրէնը։ Վեհափառ Հայրապետի կարգադրութեամբ ցարդ այդ գրասենեակը կառավարող Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան ազատուեցաւ տնօրէնի պաշտօնէն ու նոր տնօրէն նշանակուեցաւ Տ. Վազգէն Եպիսկոպոս Միրզախանեան։
Քուէյթահայ ազգային գործիչին հետաքրքրական նախաձեռնութիւնը՝ նպաստելու համար տնտեսութեան:
ՀԲԸՄ-ի, «Պօղոսեան» հիմնարկի եւ Պելժիահայ մշակութային միութեան նախաձեռնութիւնը:
«Մեր ռազմավարական գործընկեր Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն կ՚ակնկալենք այնպիսի քայլեր, որոնք յարիր են իսկական դաշնակցի մը»:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը երէկ երեկոյեան հանդիսաւոր արարողութիւնով մը բացուեցան Ստեփանակերտի մէջ:
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու շարժումները տեղի կրնան տալ զինման անհակակշիռ արշաւի մը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Վլատիմիր Փութին համոզուած է, որ ԱՄՆ-ի՝ Միջին հեռահարութեամբ հիւլէական զօրքերու համաձայնութենէն դուրս գալը կը վտանգէ միջազգային անվտանգութիւնը։
Ուքրայնոյ նորընտիր նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Անգարայի մէջ ան կը հիւրընկալուի Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Առեւտուրի նախարար Ռուհսար Փեքճան նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Առեւտուրի նախարար Ուիլպուր Ռոսսի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս հեռախօսազրոյցի ընթացքին կողմերը համաձայն գտնուեցան, որպէսզի Ռոսս պաշտօնական այցելութիւն մը տայ Թուրքիա։
Անթիլիասի մէջ ներկայիս աշխատանքներ կը տարուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռագրերու վերանորոգման նպատակով։ Այս կարեւոր ծրագրի իրականացման համար նիւթական աջակցութիւն ցոյց կը տրուի Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։