ԲԵՐԿՐԱՌԱՏ ՏՕՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով նշեց Սուրբ Աստուածածնի տաղաւարը:
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը հանդիսապետեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի խաղողօրհնէքին: Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան պատարագեց եւ քարոզեց Վաքըֆլըգիւղի մէջ: Գնալը կղզիի արարողութիւններուն նախագահեց Տ. Արամ Արք. Աթէշեան:
Համահայկական 7-րդ ամառնային խաղերը Երեւանի մէջ եզրափակուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ:
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Ծաղկաձորի մէջ տեղի ունեցաւ Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային 7-րդ փառատօնի աւարտը:
Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ քննարկուեցաւ երրորդ երկիրներուն զէնքի վաճառքի կանոնակարգման հարցը:
Ուրուկուայի Արտաքին գործոց նախարար Ռուտոլֆօ Նին Նովոա վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Այս այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի հրաւէրին ընդառաջ։
Երեւանի մօտ Անգլիոյ դեսպան նշանակուեցաւ հայազգի դիւանագէտ մը։ Այսպէս, Անգլիոյ կառավարութիւնը տեղեկացուց, որ Երեւանի մօտ նոր դեսպան նշանակուած է Ալան Անդրանիկի Կէօքպաշեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրները երէկ առաւօտ տեղեկացուցին, որ նորոգ հանգուցեալ պատմաբան Վահագն Տատրեանի մարմինը պիտի ամփոփուի Երեւանի մէջ։ Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան, Փրոֆ. Վահագն Տատրեան կը վայելէր միջազգային հեղինակութիւն եւ անկոտրուն պայքար մը մղած էր արդարութեան, Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իրազեկութեան բարձրացման ուղղութեամբ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Լոս Անճելըս։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ յառաջիկայ սեպտեմբերի 22-ին, Լոս Անճելըսի ժամով 16.00-ին, Նիկոլ Փաշինեան ելոյթով մը հանդէս պիտի գայ տեղւոյն «Կրենտ Փարք»ին մէջ։
Գործարար Վարդան Սրմաքէշի մեծ ներդրումով Շիրակի մարզէն ներս արդիւնաբերութեան նոր կառոյց մը: