ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՀԱՄԱՏԵՂ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Երեւանն ու Իլ տը Ֆրանսը հանդէս կու գան մշակութային համատեղ նախաձեռնութիւններով։ Այսպէս, Երեւանն ու Իլ տը Ֆրանսը կ՚ընդլայնեն միջմշակութային կապերը ու կը մշակեն համագործակցութեան նոր ծրագրեր:
Երեւանն ու Իլ տը Ֆրանսը հանդէս կու գան մշակութային համատեղ նախաձեռնութիւններով։ Այսպէս, Երեւանն ու Իլ տը Ֆրանսը կ՚ընդլայնեն միջմշակութային կապերը ու կը մշակեն համագործակցութեան նոր ծրագրեր:
Անգարայի ղեկավարութիւնը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը շփման մէջ կ՚անցնին՝ պատրիարքական առկախեալ ընտրութեան 11 տարուան վաղեմութեամբ հարցին շուրջ: Երկխօսութեան գետին:
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս առաւօտ հիւրընկալեց Տ. Խաժակ Արքեպիսկոպոս Պարսամեանն ու Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեանը, որոնք իր հետ կը տեսակցին՝ որպէս Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի ներկայացուցիչները: Հանդիպման մասնակցեցաւ նաեւ Ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Փետրուարի 1-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հովուապետական այցով ժամանեց Աւստրալիայի եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմ:
Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ հետզհետէ կը ձեւաւորուի համագործակցութեան յստակ օրակարգ մը։
Նիկոլ Փաշինեան եւ Անկելա Մերքէլ երէկ Պերլինի մէջ աշխատանքային ճաշի ձեւաչափով ծաւալեցին կարեւոր քննարկումներ։
Միշել Լըկրան յուղարկաւորուեցաւ Ֆրանսայի Առաջին տիկին Պրիժիթ Մաքրոնի մասնակցութեամբ։
Աշխարհահռչակ երգահանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ Փեր-Լաշեզ գերեզմանատունէն ներս։ Քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ նուագուեցան իր գործերը, նաեւ ցուցադրուեցաւ կեանքէն յատկանշական դրուագներ
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կարգադրութեամբ՝ Աւետ Ադոնց նշանակուեցաւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխ-նախարար։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, համապատասխան որոշումը երէկ հրապարակուեցաւ պատկան մարմիններուն կողմէ։
Եւրոմիութիւնը կը պատրաստուի խորհրդաժողով մը կազմակերպել Սուրիոյ տագնապին շուրջ։ Իր տեսակին մէջ երրորդ այս խորհրդաժողովը նախատեսուած է Պրիւքսելի մէջ, 12-14 մարտին։
Այս տարուայ ամրան նախատեսուած են Համահայկական 7-րդ խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան օգոստոսին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Համահայկական խաղերու բացման արարողութիւնը 6 օգոստոսին տեղի պիտի ունենայ Ստեփանակերտի մէջ։
Երեւանի մէջ պիտի կառուցուի Նորարարութեան եւ արհեստագիտութիւններու առաջին տարածքաշրջանային զբօսավայրը: Անիկա պիտի դառնայ ապագայի աշխատավայր աւելի քան 6 հազար առաջատար մասնագէտներու համար, որոնք պիտի նպաստեն տեղեկատուական արհեստագիտութիւնները տնտեսութեան առաջատար ճիւղերու մէջ ամբողջապէս ընդելուզելու ու նորարարական լուծումներ առաջարկելու գործընթացին, ինչպէս նաեւ ճարտարագիտական, ելեւմտական, դրամատնային, առողջապահական, ապահովագրական, ռազմական, գիւղատնտեսական, հանքաարդիւնաբերական, լրատուադաշտի եւ հեռահաղորդակցութեան ոլորտներու մէջ։
Երգահան Կոմիտաս Վարդապետի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յոբելենական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ: