Լրահոս

ՀԱՅՐԱՊԵՏԵԱՆ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵՐԿԻՐՆԵՐ

Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Մխիթար Հայրապետեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրիա։ Ուղեւորութեան ծիրէն ներս նախարարը առաջին առթիւ շփումներ ունեցաւ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ։ Ազգային առաջնորդարանէն ներս, Թեմակալ առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանի կողմէ հիւրնկալուեցաւ նախարարը։ Ներկայ էին նաեւ Դամասկոսի մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փոլատեան եւ Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներէն Նորա Արիսեան։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄԻԱՄՍԵԱՅ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի մէջ առաջին անգամ ըլլալով պիտի իրականացուի ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս։ Այսպէս, Երեւանի մէջ, Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրման 100-ամեակին առիթով, աշնան պիտի իրականացուի «Ժամանակակից արուեստի միջազգային ցուցահանդէս. Հայաստան, 2018 - ժամանակակից արուեստի հնչիւններ» խորագրով:

ԱՐԹՈՒՐ ԱԲՐԱՀԱՄ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ԲԱՐԵԳՈՐԾԱԿԱՆ ՄԱՐԱԹՈՆԻ

Արթուր Աբրահամ բարեգործական նպատակով մասնակցեցաւ Պերլինի 45-րդ մարաթոնին։ Այսպէս, հայ արհեստավարժ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ «Մենք կ՚օգնենք երեխաներուն» կարգախօսին տակ բարեգործական նպատակով մասնակցեցաւ Պերլինի 45-րդ մարաթոնին:

ՆԿԱՐԻՉ ՖԱՅՆՊԵՐԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ 70-ԱՄԵԱԿԸ

Ֆայնպերկ Սարգսեանի 70-ամեայ յոբելեանը նշուեցաւ նկարիչի անհատական ցուցահանդէսով։ Այսպէս, նկարիչ Ֆայնպերկ Սարգսեանի «Մարիան արեւածաղիկներով», «Մտորում», «Ղարաբաղ», «Իմ ընտանիքը» եւ 51 գունեղ, պայծառ այլ կտաւներ ներկայացուած են անոր անհատական ցուցահանէսին մէջ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԺՈՂՈՎԸ

Երէկ, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը մայրաքաղաք Անգարայի մէջ գումարեց ժողով մը, որ տեւեց շուրջ հինգ ժամ։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ նիստը, որու աւարտին հրապարակուեցաւ զեկոյց մը։

Էջեր