Լրահոս

ՄԱՆԻԼԱՅԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Նախարարներ Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Սէրկէյ Լաւրով քննարկեցին տարածքաշրջանային հրատապ հարցեր:
Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի ներկայացուցիչները վաղը դարձեալ պիտի մէկտեղուին Սուրիոյ տագնապին շուրջ՝ շօշափելու համար անվտանգ գօտիներու ստեղծման բազմակողմանի խնդիրները, Թեհրանի տանտիրութեամբ:

Ի՞ՆՉ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ «ԱԹԱԹԻՒՐՔ» ՕԴԱԿԱՅԱՆԻ ԱՊԱԳԱՆ

Հաղորդակցութեան նախարար Ահմէտ Արսլան շաբաթավերջին հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով՝ CNN Türk հեռուստակայանէն։ Հաղորդավար Հաքան Չելիքի հարցումներուն պատասխանելով՝ նախարարը բացատրութիւններ տուաւ, որ Իսթանպուլի երրորդ օդակայանի կառուցումէն վերջ ի՞նչ պիտի ըլլայ Եշիլգիւղի «Աթաթիւրք» օդակայանը։

ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍԻ ՄԷՋ ՀԱՅԵՐ ՁԵՐԲԱԿԱԼՈՒԵՑԱՆ

Գալիֆորնիոյ մէջ հայեր ձերբակալուեցան՝ թմրանիւթեր տարածած ըլլալու համար։ News.am-ի հաղորդումներով, Գալիֆորնիոյ մէջ ոստիկանները ձերբակալեցին տասներկու անձեր, որոնց շարքին կը գտնուին հայեր։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ԻՐԱՒԱԲԱՆ ՃԷՄ ՍՈՖՈՒՕՂԼՈՒԻ ՀԵՏ

Սիսի երբեմնի կաթողիկոսարանի եւ յարակից համալիրի սեփականութեան իրաւունքի վերաձեռքբերման հարցին շուրջ Անթիլիասի կողմէ ձեռնարկուած աշխատանքները կը շարունակուին։ Թուրքիոյ արդարադատութեան համակարգէն ներս առնուած քայլերէն արդիւնք մը չստանալէ վերջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հարցը տեղափոխած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։

AKM-Ի ՆՈՐ ՀԱՄԱԼԻՐԸ ՊԻՏԻ ԸԼԼԱՅ ԵՕԹՆԱՊԱՏԻԿ ԸՆԴԱՐՁԱԿ

Թաքսիմի հրապարակին վրայ շուտով պիտի փլցուի «Աթաթիւրք» մշակոյթի կեդրոնին (AKM) այժմու շէնքը։ Նոր կառուցուելիք համալիրը շուրջ եօթ անգամ աւելի ընդարձակ պիտի ըլլայ այժմու շէնքէն։

Հայ­թա­յեա­նիՆ Մե­ծա­րանք

Ամէն ամիս Պեվըրլի Հիլզ քաղաքի, Միացեալ Նահանգներ, Առողջապահութեան եւ ապահովութեան յանձնաժողովը կը մեծարէ քաղաքէն կազմակերպութիւն մը կամ անձնաւորութիւն մը, որ յատկանշական ներդրում ունեցած է Պեվըրլի Հիլզի բնակչութեան առողջապահութեան եւ ապահովութեան բարելաւման ջանքերուն մէջ:

ԵՐԵՒԱՆ ԿԸ ՀԵՏԵՒԻ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ՄՈՍԿՈՒԱ ԱՌԿԱՅ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանի Արտաքին գործոց փոխ-նախարար Շաւարշ Քոչարեան յայտարարեց, որ Երեւան ուշադրութեամբ կը հետեւի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւններուն մէջ ծայր տուած լարուածութեան եւ համապատասխան բոլոր զարգացումներուն։ Tert.am կայքէջի հարցման ի պատասխան Շաւարշ Քոչարեան ըսաւ.

ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ՇԵՇՏԵՑ ՏԱՐԱԾՔԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԱՆՀԱՄԱՉԱՓՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

​Հա­յաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կա­րէն Կա­րա­պե­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ երկ­րէն ներս տա­րած­քա­յին զար­գաց­ման ան­հա­մա­չա­փու­թիւն­նե­րը իր կա­ռա­վա­րու­թեան կա­րե­ւո­րա­գոյն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու շար­քին կը գտնուին։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան հեր­թա­կան նիս­տը։

Էջեր