Լրահոս

ՆԻԿՈԼ ՓԱՇԻՆԵԱՆ ԵՒ ՎԼԱՏԻՄԻՐ ՓՈՒԹԻՆ ԱՅՍ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ ՊԻՏԻ ՏԵՍԱԿՑԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ՄԷՋ

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա, ուր նախատեսուած է իր հանդիպումը Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեանի այցելութիւնը նախատեսուած է այս հինգշաբթի, 27 դեկտեմբերին։

ԲԱՐԵՆՊԱՍՏ ՄԹՆՈԼՈՐՏ

Պաքուի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Պոչարնիքով յայտարարեց, որ 2019 թուականին աւելի բարենպաստ միջավայր մը պիտի ստեղծուի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն տեսակէտէ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, ռուս դիւանագէտը յայտնեց, որ ինք զգուշաւոր լաւատեսութեամբ կը գնահատէ կարգաւորման գործընթացի վերջին միտումները։

ՀԵՆՐԻԽ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԵՑ ՇԱԲԱԹ ՊԻՏԻ ՄՆԱՅ ԴԱՐՄԱՆՄԱՆ ՏԱԿ

Հայկական ֆութպոլի արդի մեծ աստղը Հենրիխ Մխիթարեան Անգլիոյ Փրէօմիէր լիկին մէջ խաղացած մրցման ժամանակ ունեցաւ վնասուածք մը, որու հետեւանքով շուրջ մէկուկէս ամիս հեռու պիտի մնայ մարզադաշտերէ։ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի խմբապետ եւ Լոնտոնի «Արսենալ»ի կիսապաշտպան Հենրիխ Մխիթարեան մարզադաշտ պիտի կարողանայ վերադառնալ հազիւ յառաջիկայ փետրուարին։

ՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ԶՐՈՅՑ

Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ։ Երեկոյեան ժամերուն տեղի ունեցաւ այս տեսակցութիւնը, որու կապակցութեամբ թէ՛ Ուաշինկթընի եւ թէ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրները հանդէս եկան յայտարարութիւններով։

ԵԶՐԱԿԱՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը ժողով մը գումարեց Երեւանի մէջ:
Վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ քննարկուեցան վերջին զարգացումներն ու համապատասխան ռազմավարութիւնները:

ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ ԾՆՈՒՆԴԸ ՊԱՏԿԵՐՈՂ ԱՒԱԶԷ ՔԱՆԴԱԿ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ

Վատիկանի Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ կատարուած է բացումը աւազէ վիթխարի քանդակի մը, որ կը պատկերէ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդի աստուածաշնչեան տեսարանը:
«Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ պատուանդանին կարելի է տեսնել Յովսէփը, Մարիամը, հրեշտակները, հովիւներն ու կենդանիները եւ անշուշտ Յիսուս մանուկը:

Էջեր