ՈՉ ԵՒՍ Է ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՀԵՂԻՆԱԿԱՒՈՐ ՄՏԱՒՈՐԱԿԱՆ ՓՐՈՖ. ԱՆԱՀԻՏ ՏԷՐ-ՄԻՆԱՍԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ առաւօտ Փարիզի մէջ իր մահկանացուն կնքած է ֆրանսահայ ականաւոր մտաւորական, հեղինակաւոր պատմաբան Փրոֆ. Անահիտ Տէր-Մինասեան։ Երկար ժամանակէ ի վեր Անահիտ Տէր-Մինասեան կը պայքարէր անողոք քաղցկեղի դէմ, վերջին շրջանին իր առողջական վիճակը բաւական ծանրացած էր եւ դժբախտաբար արդէն ընտանիքին եւ բժիշկներուն կողմէ իրեն ցուցաբերուած խնամքը մնացած է անբաւարար եւ ան աչքերը փակած է կեանքին։
Վրաստանի ճգնաժամի եւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոմիութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար երէկ այցելեց Երեւան, ուր բարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Օրուան տեւողութեան ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի եւ այլ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ։
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուն։ Այս առթիւ Հուլուսի Աքար յայտնեց, որ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման համար բոլոր մակարդակներու վրայ Թուրքիա եւ Ռուսաստան շփման մէջ կը գտնուին։
Երէկ, Իսթանպուլի մէջ պատահեցաւ շատ ցաւալի արկած մը, որու հետեւանքով չորս զինուոր նահատակուեցաւ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, դէպքը պատահեցաւ Չեքմէգիւղի մէջ։
Թաքսիմի հրապարակին վրայ AKM-ի նոր համալիրի հիմքերը դրուեցան հանդիսաւոր արարողութեամբ:
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան 90-րդ ընդհանուր ժողովը կ՚եզրափակուի շաբաթավերջին:
Ռոպէր Տէր-Մերկերեան պարգեւատրուեցաւ Ֆրանսայի Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ:
Վիլնիուսի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է «Կիւրճիեւ» համոյթի համերգը՝ նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետի 150-ամեակին։ Սոյն համերգը նախաձեռնած եւ կազմակերպած էր Լիթվայի մօտ Հայաստանի դեսպանութիւնը՝ Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան եւ GK առողջարանի աջակցութեամբ: