«ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆՐԱՀԱՒԱՔ»
Երէկ, Երեւանի մէջ հսկայ հանրահաւաք մը տեղի ունեցաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան 100-րդ օրուան լրացման առթիւ։ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորութեամբ Երեւանի կեդրոնին մէջ նախ տեղի ունեցաւ երթ մը, որու աւարտին Հանրապետութեան հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ նախատեսուած մեծ հանրահաւաքը։ Ծովածաւալ բազմութեան մը ներկայութեամբ վարչապետը հանդէս եկաւ խանդավառ ելոյթով մը, որու ընթացքին անդրադարձաւ երկրի արտաքին ու ներքին քաղաքական օրակարգին վերաբերեալ զանազան խնդիրներու։
Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքէլ յառաջիկայ օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Երեւան։ Օգոստոսի 24-25-ին նախատեսուած է այս այցելութիւնը՝ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաւէրով։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ կարեւոր հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Մաքրոնի եւ Ապպասի հետ:
«Տողուշ» խմբակը Պոմոնթիի մէջ թանգարան մը եւ արխիւի կեդրոն մը հաստատեց Արա Կիւլէրի համար:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողակիցը՝ Աննա Յակոբեան վերջերս այցելեց Փարիզ, ուր հանդիպումի մը մասնակցեցաւ ֆրանսահայութեան ներկայացուցիչներուն հետ։ «Յեղափոխութեան յաղթանակի տէրը Հայաստանի եւ սփիւռքի հայութիւնն է, սփիւռքը Հայաստանի հարստութիւնն է», յայտնեց հաւաքոյթի ընթացքին Աննա Յակոբեան։
Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ թէժ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Մինչ վաղը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնավարութեան 100-րդ օրուան առթիւ մեծ հանրահաւաք մը նախատեսուած է Երեւանի մէջ, երէկ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան յայտարարեց, որ կը վերադառնայ քաղաքականութեան։
Ուաշինկթընի հետ առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Անգարա կը վայելէ Պերլինի աջակցութիւնը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եւրոասիական զարգացման դրամատան նախագահը տեսակցեցաւ Փաշինեանի հետ:
Թուրքիա, Ռուսաստան եւ Իրան կը շարունակեն անմիջական աշխատանք տանիլ Սուրիոյ տագնապի լուծման ուղղութեամբ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, այս երեք երկիրներու ղեկավարներուն մասնակցութեամբ հերթական գագաթաժողովը տեղի պիտի ունենայ Թեհրանի մէջ։