ՊԻԹԼԻՍ ՔԱՂԱՔԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐԱՀԱՍՏԱՏ ԿԵԴՐՈՆ
Պիթլիսի «Էրէն» համալսարանի նախաձեռնութեամբ աշխատանքներ պիտի կատարուին՝ ուսումնասիրելու համար քաղաքի շուրջ 7 հազար տարուան պատմութիւնը։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, համալսարանի Պիթլիսի շրջանի պատմութեան, մշակոյթի գործադրութեան ու հետազօտութեան կեդրոնը ուսումնասիրութիւններ յառաջ կը տանի՝ երեւան բերելու համար քաղաքի պատմութիւնն ու արժէքները՝ այդ բոլորը յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցելու նպատակով։