ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ՆԱՃԱՐԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ՀԻՄՆԵՑ ՖՈՆՏ ՄԸ՝ ԿԷՍ ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ ՆԵՐԴՐՈՒՄՈՎ
Ամերիկահայ լրագրող Օշին Քէշիշեան կը տեղեկացնէ.-
Ամերիկահայ ազգային գործիչ ու բարերար Տքթ. Վարդգէս Նաճարեան եւ իր կողակիցը՝ Մերի Նաճարեան վերջերս կէս միլիոն տոլար տրամադրելով հիմնեցին ընտանեկան ֆոնտ մը։ Նաճարեանները այս նախաձեռնութիւնը կատարեցին՝ ի նշանաւորումն իրենց ամուսնութեան 60-ամեայ յոբելեանին։
Եւրոմիութեան պաշտպանութեան ու արտաքին յարաբերութիւններու գծով յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի յայտարարեց, որ միջազգային յարաբերութիւններու համակարգը կ՚ապրի քաոսի ժամանակաշրջան։
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական առումով կարեւոր հանդիպում մը։ Այսպէս, Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքը հիւրընկալեց Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ Տ.Տ. Քիրիլ Ա. Պատրիարքը։ Ռուսաց պատրիարքին ուղեկցեցան Մետրապոլիտ Իլարիոն եւ այլ բարձրաստիճան հոգեւորականներ։
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կ՚ողջունէ Հայաստանի մէջ հակածխախոտային պայքարը ու կոչ կ՚ընէ խստօրէն կարգաւորել ելեկտրոնային սիկարէթի ոլորտը։ Այսպէս, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը (ԱՀԿ) (World Health Organization) կ՚աջակցի Հայաստանի մէջ իրականացուող հակածխախոտային քաղաքականութեան, որու շրջանակներէն ներս օրէնքի նոր նախագծի մշակմամբ՝ նոր ու առաւել լուրջ կարգաւորումներ կը նախատեսուին:
Foreign Policy Centre անգլիական վերլուծական կեդրոնէն Կրէյկ Օլիֆանտի հետաքրքրական յօդուածը:
Զուիցերիոյ նախագահը հանդիպեցաւ Լիբանանի քրիստոնեայ եւ իսլամ հոգեւոր առաջնորդներուն հետ:
Երեւանի մէջ բացուեցաւ հայ-չինական բարեկամութեան դպրոցը, որ կառուցուած է Չինաստանի աջակցութեամբ:
Նոր կառավարման դրութեան հաստատման զուգահեռ՝ բարեփոխումներու ծրագրերը թափ կը ստանան:
«Շատ մը գործատեղիներ կը վերաբացուին եւ քաղաքներէ դուրս գտնուողներ կը վերադառնան»: