ԲԱԽՏՈՐՈՇ ԽԱՉՄԵՐՈՒԿ
Ո՛չ միայն արդի հանրապետութեան, այլ՝ ընդհանրապէս հայոց պատմութեան տեսակէտէ բեկումնային պահ մը. Հայաստանի մէջ համաժողովրդական ալիքը նպատակին հասաւ՝ առանց նոյնիսկ մէկ անձի քիթի արիւնելուն: Սերժ Սարգսեանի հրաժարականը բնորոշեց յեղափոխութիւն մը, որ եղաւ իսկապէս թաւշեայ: Նախագահ Արմէն Սարգսեան ընդունեց կառավարութեան հրաժարականը: Այսօր՝ 24 Ապրիլին դադար կը տրուի ներքին պայքարին՝ ոգեկոչումները խնայելու համար քաղաքականացման վտանգէ: Վաղուընէ սկսեալ նոր շրջանին շուրջ պիտի բանակցին Նիկոլ Փաշինեան եւ Կարէն Կարապետեան: Արտահերթ ընտրութիւնները հաւանական:
Անցնցում իշխանափոխութիւն:
Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ երէկ երեկոյեան ծովածաւալ բազմութեան մասնակցութեամբ կազմակերպուած հանրահաւաքը վերածուեցաւ տօնախմբութեան:
Գանատայի Թորոնթօ քաղաքին մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ողբերգական դէպք մը։ Տեղական ժամով շուրջ 13.30-ին քաղաքի կեդրոնի բանուկ պողոտաներէն մէկուն վրայ տեղի ունեցաւ այս սահմռկեցուցիչ դէպքը։
Վիեննայի պետական օփերան ներկայացուցած է 2018-2019 թուականներու նոր տարեշրջանի ծրագիրը: Ան 2019 թուականի Մայիսի 25-ին կը նշէ իր հիմնադրութեան 150-ամեակը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, Վիեննայի մշակութային կեդրոնի տնօրէնութենէն յայտարարած են, որ հանդիսատեսները ամէն տարի կը դիտեն 50 օփերա, 16 պալէ, 5 մանկական բեմադրութիւն եւ համերգային այլ միջոցառումներ:
23 Ապրիլը խանդավառութեամբ կը տօնուի բովանդակ Թուրքիոյ մէջ՝ միասնականութեան գիտակցութեամբ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Իւրաքանչիւր զբօսաշրջիկ Երեւանի շրջագայութեան պէտք է սկսի Հայաստանի Պատմութեան թանգարանէն»:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գրաեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետն ու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունուեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Կիլիկեան Աթոռի գահակալը, ըստ նախապէս ճշդուած ժամանակացոյցի, միօրեայ կարճատեւ այցելութիւն մը տուաւ Երեւան՝ շնորհաւորելու համար պետական աւագանիի երկու բարձրագոյն դէմքերը։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը երէկ հիւրընկալեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գլխաւոր խմբագիրը: