Լրահոս

Մանսուրեան ԿԸ ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾԷ Ապրիլեան Պատերազմի ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

Տիգ­րան Ման­սու­րեան ապ­րի­լեան պա­տե­րազ­մի հե­րոս­նե­րուն նուի­րուած ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն կը գրէ: Լրագ­րող­նե­րու հետ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ, Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան նշեց, որ ինք մաէսթ­րո­յին պա­տուի­րած է գրել նման ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն մը։

ՈՐՄՆԱՆԿԱՐԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄ

Հա­յաս­տա­նի մօտ Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պան Ռի­չըրտ Միլզ եւ Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Ար­մէն Ա­մի­րեան Կիւմ­րիի մէջ յայ­տա­րա­րե­ցին նշա­նա­ւոր նկա­րիչ Յա­կոբ Յա­կո­բեա­նի «Սա­րե­րում» որմ­նան­կա­րի վե­րա­կանգն­ման ու պահ­պան­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն ա­ւար­տը: Որմ­նան­կա­րի վե­րա­կանգ­նու­մը կա­տա­րուած է Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու դես­պա­նի Մշա­կու­թա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պա­նու­թեան հիմ­նադ­րա­մին գան­ձատր­մամբ:

ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԻԱՀԱՅ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐ ՏՂՈՑ

«Վի­վա­սել-Էմ.Թի.Էս.» կ՚ա­ջակ­ցի Սու­րիոյ քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով ծանր կա­ցու­թեան եւ ա­նա­պա­հո­վու­թեան մէջ գտնուող ու հայ­րե­նա­դարձ հաշ­ման­դամ հայ փոք­րիկ­նե­րուն: Վեր­ջին­ներս Հա­յաս­տան գա­լէ ա­ռաջ կը գտնուէին Հա­լէ­պի «Ա­րե­ւիկ» կեդ­րո­նի հո­գա­ծու­թեան տակ:

ԴՐԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

«Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չունի ռազմական լուծում, պէտք է կարգաւորուի խաղաղ ճանապարհով»:
Իրանի Նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ պաշտօնական այց մը տուաւ Հայաստան: Երեւանի եւ Թեհրանի ղեկավարութիւնները կը քննարկեն Պարսից ծոցէն դէպի Սեւ ծով փոխադրութեան միջանցք մը ստեղծելու ծրագրին վերաբերեալ խնդիրները

ՎԻԳԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ ՇՓՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ

Հա­յաս­տա­նի Պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար Վի­գէն Սարգ­սեան վեր­ջին օ­րե­րուն շփում­ներ ու­նե­ցաւ Թիֆ­լի­զի մէջ, ուր ա­մե­նա­բարձր մա­կար­դա­կի վրայ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան կող­մէ։ Ան ե­րէկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Կիոր­կի Քվի­րի­քաշ­վի­լիի հետ։

ԷԼ ՊԱՊԻ ՄԷՋ 14 ԹՈՒՐՔ ԶԻՆՈՒՈՐ ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ

Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը Սու­րիոյ հիւ­սի­սին կը շա­րու­նա­կեն յա­ռաջ տա­նիլ «Եփ­րա­տի վա­հան» գոր­ծո­ղու­թիւ­նը, ո­րու ներ­կայ փու­լը կեդ­րո­նա­ցած է Էլ Պա­պը ձեռք ան­ցը­նե­լու նպա­տա­կին վրայ։ Բա­նա­կը ե­րէկ այս գոր­ծո­ղու­թեան շրջագ­ծով տուաւ ծանր կո­րուստ­ներ, ինչ որ խոր ցաւ պատ­ճա­ռեց բո­վան­դակ Թուր­քիոյ։

Էջեր