ԱՏԵՆԱՊԵՏԷՆ ՎԵՐՋՆԱԳԻՐ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի երէկուան լարուած ժողովը եկաւ ապացուցանել, որ վարժարաններու նիւթական առկայ հարցերը հասած են թրքահայութեան կեանքը անդամալուծելու եզրին: Պետրոս Շիրինօղլու ասպարէզ կարդաց Համբարձման սեղանի ընթացքին ունեցած ելոյթին բերումով իր հասցէին սանձազերծուած բողոքի արշաւին դէմ. «Միթէ այսքան համբա՞կ ենք, որ զօրակցութիւն հաստատելով չենք յաջողիր յաղթահարել խոչընդոտները»:
Համակարգման խորհուրդը լուծարուած:
VADİP-ի ապագան անորոշ՝ դպրոցներու կուտակուած խնդիրներուն հետեւանքով - Ապագայ աշխատանքը կախում պիտի ունենայ բոլորի համախմբուած ձեւով միասնական շօշափելի ու գործնական քայլեր առնելէ: Նիստի ընթացքին ահազանգ հնչեցուեցաւ, որ յառաջիկայ տասը տարիներուն 1500-ով կրնայ պակսիլ մեր դպրոցներու աշակերտութեան ընդհանուր թիւը:

Շաբաթավերջին, ըստ «Ասպարէզ» օրաթերթի, ամերիկեան «Սի.Էն.Էն.» կայանէն առաջին անգամ ըլլալով ցուցադրուեցաւ խոհանոցային եւ ճամբորդական յայտագիրներու թղթակից Էնթընի Պուրտենի Հայաստան եւ Արցախ այցելութեան արգասիքը հանդիսացող միժամեայ յայտագիրը, որ մաս կը կազմէ անոր «Անծանօթ Վայրեր» («Anthony Bourdain Parts Unknown») հաղորդաշարին:
Երեւանի «Լոֆթ» կեդրոնին մէջ Մխիթար Հայրապետեան պատասխանեց շուրջ ութ տասնեակ հարցումներու:
TANAP նորակառոյց բնական կազի խողովակաշարի բացման պաշտօնական հանդիսութեան համար յառաջ կը տարուին պատրաստութիւններ:
Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքեց յայտնի պատմաբան Պեռնար Լէուիս, որ ծնած էր Լոնտոնի մէջ։ Հրէական ծագումով պատմաբանը 102 տարեկան էր։
Ազգային բարերար Լուիզ Մանուկեան շաբաթավերջին դարձաւ 85 տարեկան։ Ան երկար տարիներ նախագահած էր Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան՝ յաջորդելով իր հօր՝ Ալեք Մանուկեանի։
Թուրքիա մահմետական աշխարհը շարժման կ՚անցընէ ի նպաստ Պաղեստինի, Երուսաղէմի՝ Իսրայէլի մայրաքաղաք դառնալուն դէմ, նաեւ ՄԱԿ-ը կը հրաւիրէ կատարել իր պատասխանատուութիւնները:
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կողմէ նուիրատուութիւն՝ Մատենադարանին:
Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այսօր կը նշուի Մայիս 19-ի տօնը։ Հանրապետութեան մեծանուն հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի ոգեկոչման եւ Երիտասարդութեան տօնը այս տարի եւս կը տօնուի քաղաքացիական խոր գիտակցութեամբ։