ԿԱՆԽԱՏԵՍՈՒՄՆԵՐ՝ 2030 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ
2030 թուականին համաշխարհային բարեկեցութեան մօտաւորապէս երկու երրորդը կը վերահսկուի բնակչութեան 1 տոկոսին կողմէ: Այս թուանշանի մասին կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս», վկայակոչելով Մեծն Բրիտանիոյ Համայնքներու պալատի գրադարանի կանխատեսումը:
«Նոթրը տամ տը Սիոն» ֆ«Նոթրը տամ տը Սիոն» (NDS) ֆրանսական լիսէի երդիքին տակ այս շրջանին բացուած է հետաքրքրական ու շահեկան ցուցահանդէս մը։ «Կարպետի խորհրդանշաններ» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը տեղի կ՚ունենայ NDS-ի գեղարուեստասրահէն ներս եւ կ՚արժանանայ հետաքրքիրներու անմիջական ուշադրութեան։ Արդէն շուրջ ամիսէ մը ի վեր կը շարունակուի ցուցահանդէսը, որ պիտի եզրափակուի 19 Մայիսին։ Բացի Կիրակիէ, ամէն օր կարելի է այցելել գեղարուեստասրահը։րանսական լիսէի երդիքին տակ հետաքրքրական ու շահեկան ցուցահանդէս մը:
Հանրապետութեան նախագահը երէկ պատասխանեց Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յայտարարութիւններուն:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը պատրաստուի այցելել Մոսկուա։ Երեւանի մէջ ան հանդիպում մը ունեցաւ իր երդման արարողութեան հետեւած ռուսական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, այս ամբողջին մէջ Արմէն Սարգսեան հարցազրոյց մը տուաւ ԹԱՍՍ գործակալութեան։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան Երեւանի մէջ նախընթաց օր հիւրընկալեց Անգլիոյ Եւրոպայի ու Ամերիկայի հարցերով պետական նախարար Էլըն Տանքընը, որ աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Երեւան։ Անգլիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը մասնակցեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի երդման արարողութեան։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի աւագ մարզիչ նշանակուեցաւ Վարդան Մինասեան։ Ինչպէս ծանօթ է, քանի մը օր առաջ այդ պաշտօնը թափուր մնացած էր Արթուր Պետրոսեանի հրաժարականով։
Հայկական ֆութպոլի արդի մեծանուն աստղը Հենրիխ Մխիթարեան ընդգրկուեցաւ աշխարհի ամենայայտնի 500 ֆութպոլէօրներու ցանկին վրայ։
Հեռուստալրագրող, հրապարակախօս Գոհար Մարտիկեանի «Ապրելու բանաձեւ» պատմավաւերագրական մատենաշարի 11-րդ հատորը նուիրուած է Արցախեան ազատամարտի կապանցի հերոսներուն եւ 2016 թուականի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի մասնակից արցախցի հերոսներուն։
Դերասան Ժերար Տեփարտիէօ Վլատիմիր Վիսոցկիի երգերը երաժիշտի 80-ամեակին կապակցութեամբ կը կատարէ ֆրանսերէն եւ ռուսերէն լեզուներով։ Խորհրդային բանաստեղծի յոբելեանին առիթով համերգը Ապրիլին տեղի կ՚ունենայ Մոսկուայի մէջ։