ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ՝ ԱՐՑԱԽԷՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նոր վարչապետը երէկ անդրանիկ մամլոյ ասուլիսը սարքեց Ստեփանակերտի մէջ, ուր տուաւ առաջին այցը:
Նիկոլ Փաշինեան. «Փոխզիջումներու մասին կարելի է խօսիլ՝ երբ Պաքուն ըսէ, որ պատրաստ է ճանչնալ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնորոշման իրաւունքը»:
Նիւ Եորքի Սուրբ Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարի երդիքին տակ հանդիսաւոր արարողութիւն:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ-ի կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Մուհարրէմ Ինճէի հետ։
Ամերիկահայ յայտնի քաղաքական գործիչ Ճորճ Տէօքմէճեան կնքեց իր մահկանացուն։ Անցեալի մէջ Տէօքմէճեան եղած էր հայաշատ Գալիֆորնիոյ նահանգապետը եւ այդ պաշտօնավարութեան տարիներուն մարմնաւորած կերպարով դարձած էր անմոռանալի՝ ամերիկեան քաղաքական կեանքէ ներս։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլերը քաոսի կը տանին ամբողջ աշխարհը։ Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ համաձայնութենէն Ուաշինկթընի դուրս գալը պատճառ դարձած է խոր մտահոգութեան։
«Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչէք դարձաւ հանրապետութեան նախագահի թեկնածու։ Ան յաղթահարեց նուազագոյն 100 հազար ստորագրութիւններու պատնէշը։
Ամերիկահայ գործարար, միլիառատէր, բարերար, «Թրասինտա Քորփորէյշըն»ի գործադիր տնօրէն, Հայաստանի ազգային հերոս Քըրք Քըրքորեանի մասին պատմող «Խաղացողը» գիրքը կը թարգմանուի հայերէնի: