ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 113-րդ տարին։ Եւ այսպէս, տարեդարձ մը եւս... Ինչպէս սովոր ենք ըսել, նոր օղակ մը կու գայ աւելնալ՝ այս թերթի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ։ 20-րդ դարու ճիշդ սկիզբին, նախորդ դարավերջի ծանր բեռի թօթափումը արձանագրելով հանդերձ, ճանապարհորդութեան ձեռնարկած եւ 21-րդ դարասկիզբն ալ վաւերագրած օրաթերթի մը մասին է խօսքը։ Պատմութիւն... Այո՛, պատմութիւն, սակայն, ոչ միայն... Արդարեւ, պատմութեան կողմէ նուիրագործուած, անոր կողմէ վերահաստատուած առաքելութիւնն է առանցքայինը։