ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը եւ Լոնտոն
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը վերջերս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Սա իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մըն էր եւ այս կապակցութեամբ այսօր կը հրատարակենք բացառիկ թիւ մը։
ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը վերջերս նշուեցաւ Լոնտոնի մէջ։ Սա իսկապէս պատմական իրադարձութիւն մըն էր եւ այս կապակցութեամբ այսօր կը հրատարակենք բացառիկ թիւ մը։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը վաղը կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 111-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետի հերթական տարեդարձի փուլն է ահա... Ինչպէս միշտ, տարեդարձը կ՚ողջունենք բարձր տրամադրութեամբ։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի իւրաքանչիւր տարեդարձ կու գայ նոր մրցանիշ մը սահմանել հա՛յ մամլոյ պատմութեան մէջ, թո՛ւրք մամլոյ պատմութեան մէջ, նաեւ համաշխարհայի՛ն մամլոյ պատմութեան մէջ։
Ծանր օր մըն է դարձեալ, բօթը հասաւ երէկ գիշեր, կը սգանք, խորապէս կը սգանք Արա Կիւլէրի մահը։ Կաղնի մը տապալեցաւ՝ բառին բուն իմաստով։ Իր կորուստով քիչ մը եւս կը գունատի պոլսահայ կեանքը։ Մեր իրականութեան իմաստը բնորոշող մեծութիւն մը կը մեկնի այս աշխարհէն։
Քուէատուփէն դուրս եկած արդիւնքը իսկապէս յատկանշական է Թուրքիոյ տեսակէտէ։ Երկրի ժողովրդավարական ճանապարհորդութեան տեսակէտէ երէկուան ընտրութիւնները անկիւնադարձ մը սահմանած են։
Իսլամական աշխարհի Ռամազանի տօնին առթիւ, ըստ ընկալեալ սովորութեան, թերթս կարճ դադար մը կ՚առնէ՝ ապահովելու համար մեր անձնակազմի մահմետական անդամներուն հանգիստը։ Ուստի յառաջիկայ շաբաթավերջին թերթս պիտի չհրատարակուի։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յաջորդ թիւը լոյս պիտի տեսնէ 18 Յունիս 2018, Երկուշաբթի։
Այսօր ԺԱՄԱՆԱԿ լոյս կ՚ընծայէ բացառիկ համար մը՝ Երեւանի մէջ իր հրատարակութեան 110-ամեայ յոբելեանին ձօնուած տարեդարձի հանդիսութեան առթիւ։ 8 էջէ բաղկացեալ այս յատուկ թիւը կը ցոլացնէ արարողութեան ամբողջ մթնոլորտը, նաեւ խորքը։
Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց...
Սուրբ Յարութեան տաղաւարի մեծ աեւտիսը մեր շուրթերուն, այսօր դարձեալ զիրար կ՚ողջունենք ուրախութեամբ, սիրով եւ անկեղծութեամբ։
Համայն մարդկութիւնը այսօր կը դիմաւորէ նոր տարի մը։ Ամբողջ աշխարհի մէջ կը տիրէ նոր փուլ մը թեւակոխելու տրամադրութիւնը։ Երկրագունդի վրայ յարատեւ կը փոխուի ամէն ինչ, անփոփոխ միակ բանը խաղաղութեան պակասն է։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը թեւակոխեց իր հրատարակութեան 110-րդ տարին։ Հայ մամլոյ նահապետը 28 հոկտեմբերին դարձաւ 110 տարեկան։ Իր գոյութեան երկրորդ դարուն մէջ ան արդէն բոլորեց տասնամեակ մը եւս։ Ուրեմն ԺԱՄԱՆԱԿ կ՚ողջունէ նոր տարի մը, նոր հանգրուան մը՝ իր առաքելութեան ճանապարհին վրայ ինքնավստահ ու մանաւանդ՝ իր հաւատարիմ ու սիրեցեալ ընթերցողներուն հետ ուս ուսի, սիրտ սրտի։
Պոլսոյ պատրիարքը գահակալութեան երդումը կատարելու ժամանակ կ՚ուխտէ, որ պիտի աշխատի մեր համայնքի հաստատութիւններու շահերը եւ իրաւունքները պաշտպանելու համար։ Հասկնալի ու բնականոն երեւոյթ մըն է այդ մէկը։ Պատրիարքը այդ շահերն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար՝ հասկնալի է նաեւ, որ պէտք է աշխատի պետութեան հետ։