ԺԱՄԱՆԱԿ-ի գոյութեան վտանգ կը սպառնայ
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 113-րդ տարին։ Եւ այսպէս, տարեդարձ մը եւս... Ինչպէս սովոր ենք ըսել, նոր օղակ մը կու գայ աւելնալ՝ այս թերթի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ։ 20-րդ դարու ճիշդ սկիզբին, նախորդ դարավերջի ծանր բեռի թօթափումը արձանագրելով հանդերձ, ճանապարհորդութեան ձեռնարկած եւ 21-րդ դարասկիզբն ալ վաւերագրած օրաթերթի մը մասին է խօսքը։ Պատմութիւն... Այո՛, պատմութիւն, սակայն, ոչ միայն... Արդարեւ, պատմութեան կողմէ նուիրագործուած, անոր կողմէ վերահաստատուած առաքելութիւնն է առանցքայինը։
Սուրբ Յարութեան անանց աւետիսի հոգեւոր հրճուանքը ահա՛ դարձեալ համակած է մեր էութիւնը։ Քրիստոնեայ աշխարհն համայն վերստին կ՚ամրապնդուի իր հաւատքի ճանապարհին։ Սուրբ գերեզմանէն ճառագած լոյսը կը շողայ երկնակամարին վրայ։
Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած աւանդը ունի զանազան երեսակներ։ Այդ ամբողջին մէջ կարեւորագոյնը կը համարուի նոյնինքն այս օրաթերթը, որ 112 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ անխափան։ Քասիմի ժառանգութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ առաջին անգամ իր կողմէ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս կազմակերպուած շնորհանդէսը եկաւ բիւրեղացնել Քասիմի ժառանգութեան այս երեսակի ամբողջ խորութիւնը։
Որպէս Պոլսոյ Աթոռի նոր՝ 85-րդ գահակալը՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը կը ջանայ աստիճանաբար իր տեսլականին համահունչ հունի մը մէջ դնել թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքը։ Սա նոր շրջան մըն է՝ բնորոշեալ նոր յոյսերով, նոր սպասումներով, նոր մարտահրաւէրներով ու նոր առաջնահերթութիւններով։ Նորին Ամենապատուութիւնը այդ բոլորին նկատմամբ ուրոյն մօտեցումները սկսած է բանաձեւել սեփական ձեռագրով։
Ծէսի ամբողջ հարստութեան, արարողակարգային ամբողջ ճոխութեան մթնոլորտին մէջ, Ամենապատիւ Տ. Սահակ Պատրիարքի գահակալութեան արարողութիւններուն ժամանակ իսկապէս շատ ուշագրաւ հնչեց պատգամ մը։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ խորանէն այդ պատգամը յիշեցուց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ուղղափառաց Տիեզերական Պատրիարքը։
Աշխարհի վրայ ամէն ինչ կը կազմէ ամբողջ մը՝ յարակից մասերով կամ ենթաբաժիններով, անշուշտ, իւրաքանչիւրի նշանակութիւնով ու կարեւորութիւնով հանդերձ։ Բոլոր իրեղէնները կը հանդիսանան ամբողջ մը՝ զանազան կտորներով, ածանցեալ մասերով։ Նոյնպէս, ստեղծագործութիւնները՝ ինչ-ինչ գլուխներով, երանգներով։
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայր,
Թրքահայութեան կողմէ երէկ արտայայտուած կամքին իմաստը կը բիւրեղանայ պատմական խաչմերուկի մը վրայ։ Մեր համայնքը պատրիարքական ընտրութեան նախախնամական փուլին կողմնորոշուեցաւ շատ յստակ ձեւով եւ իր ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութիւնը կեդրոնացուց թեկնածուներէն մէկուն՝ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի վրայ։ Սա լոկ նախընտրութեան մը դրսեւորումը չէ, այլեւ՝ ունի շատ աւելի խոր նշանակութիւն մը։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի թափով։ Երէկ աւարտեցաւ պատգամաւորներու թեկնածութեան առաջադրման համար նախատեսուած ժամկէտը, թէեւ Նախաձեռնարկ մարմինը կը ցուցաբերէ որոշ ճկունութիւն՝ քանի որ վերջնաժամկէտը զուգադիպեցաւ շաբաթավերջի։
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հիմնադրութեան 112-րդ տարին։ Սովորաբար տարեդարձի մեր խմբագրականներուն մէջ կ՚անդրադառնանք թերթիս առաքելութեան եւ զանազան երեսակներով լուսարձակի տակ կը բերենք անոր գործունէութիւնը եւ ձեռքբերումները։ Մեր այս տարուան տարեդարձը կը նշենք թրքահայ համայնքին տեսակէտէ արտասովոր իրավիճակի մը մէջ։ Արդարեւ, պատրիարքական ընտրութիւնը մեր առջեւն է եւ անոր վերաբերեալ իրադարձութիւնները ամբողջութեամբ ողողած են մեր հաւաքական օրակարգը։